Պէյրութի նաւահանգիստը մէկ տարի ետք Պէյրութի նաւահանգիստը մէկ տարի ետք 

Լիբանան։ Human Rights Watch-էն «ուղղակի» մեղադրանք

Human Rights Watch կը նշէ, որ Լիբանանի իրաւական և քաղաքական համակարգերուն կառուցուածքային խնդիրները թոյլ կու տան պետական եւ կառավարական պաշտօնէութեան խուսափելու պատասխանատուութենէն և պատիժէն, մասնաւորաբար, որ ցայսօր անոնցմէ ոչ մէկը մեղադրուած է:
Ունկնդրէ լուրը

Օրերս   Human Rights Watch-ը  մեղադրած է լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաները անցեալ տարուան Օգոստոսին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աւերիչ պայթումին  առնչութիւն ունենալու մէջ ՝ նշելով, որ գոյութիւն ունին հաստատող ապացոյցներ:

Աւերիչ պայթումի առաջին տարելիցէն մէկ օր առաջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ Human Rights Watch կ՚ըսէ, որ Լիբանանի իրաւական և քաղաքական համակարգերուն կառուցուածքային խնդիրները թոյլ կու տան պետական եւ կառավարական պաշտօնէութեան խուսափելու պատասխանատուութենէն և պատիժէն, մասնաւորաբար, որ ցայսօր անոնցմէ ոչ մէկը մեղադրուած է: 

 Յիշեցնենք,  որ 4 Օգոստոս, 2020 թուականի կէսօրին, Պէյրութի նաւահանգիստի պահեստներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ահռելի պայթում մը, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ մօտ 200 մարդ, հազարաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան, ինչպէս նաև քանդուեցաւ մայրաքաղաքին մեծ հատուածը:

Պայթումը այնքան հզօր էր, որ աշխարհի ամենահզօր՝ ոչ միջուկային պայթումը նկատուեցաւ, որ հետեւանքն էր քիմիական վտանգաւոր նիւթի՝ ամոնիում նիթրաթի առկայութեան։ Նշենք, որ այս նիւթը կ՚օգտագործուի քարահանքեր եւ ածխահանքեր պայթեցնելու մէջ։

 Կազմակերպութեան 127 էջերէ բաղկացած  տեղեկագրութիւնը ապացոյցներ ներկայացուց պետական պաշտօնէութեան վարքագիծին մասին, որուն արտացոլումն էր Պէյրութի նաւահանգիստի  սխալ եւ «փճացած» երկարատեւ կառավարումը, որ թոյլ  կու տար նաւահանգիստի պահեստներուն մէջ, անապահով ձեւով, մօտ վեց տարի, թոներով ամոնիում նիթրաթի առկայութիւնը։

«Փաստերը ցոյց կու տան, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը հետեւանքն էր լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու գործունէութեան եւ բացթողումներուն։ Անոնք ճշգրիտ չէին յայտներ Ամոնիում նիթրաթի վտանգներուն մասին», - ըսաւ Լամա Ֆաքիհ՝ կազմակերպութեան, ճգնաժամի և հակամարտութիւններու բաժնի տնօրէնը:

Ան շարունակեց ըսելով. «Անոնք գիտակցաբար նիւթերը պահեցին անապահով պայմաններու մէջ  եւ  չկրցան ժողովուրդը պաշտպանել: Մէկ տարի անցած է արդէն, եւ այդ օրուան վէրքերը տակաւին փորագրուած են քաղաքին մէջ. մինչ զոհերուն ընտանիքները կը սպասեն պատասխաններուն»։

Միջազգային Իրաւունքի կազմակերպութիւնը (Նիւ Եորք), հիմնուելով պաշտօնական հաղորդակցութիւններու վրայ, (որոնցմէ քանի մը հատը նախապէս հրապարակուած չեն), կապուած «Ռոսոս» նաւին հետ, որ նաւահանգիստ բերած էր ամոնիում նիթրաթը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան, անվտանգութեան և դատական պաշտօնեաներուն հետ հարցազրոյցներ վարելով, պարզաբանած է այն հանգամանքները, թէ ինչպէս այս վտանգաւոր նիւթերը հասած եւ պահուած են նաւահանգիստին մէջ:

Կազմակերպութիւնը նաև մանրամասն նկարագրեց, թէ պետական պաշտօնեաները ինչ տեղեկութիւն ունին ամոնիում նիթրաթի մասին և թէ ինչ ձեռնարկած են կամ չեն ձեռնարկած, պաշտպանելու համար բնակչութիւնը:

Օրինակ մը տալու համար՝ ներքին գործոց նախարարը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի  անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէնը ըսին, թէ տեղեակ էին ամոնիում նիթրաթի գոյութենէն, բայց ոչ մէկ քայլի դիմած են, քանի որ այդ իրենց լիազօրութեան սահմաններուն մէջ չէ:

Այժմ ապացոյցները զանազան հարցումներ կ՚առաջացնեն, թէ արդեօք ամոնիում նիթրաթի ուղութիւնը դէպի Մոզամպի՞ք էր, ինչպէս ըսուեր էր «Ռոսոս» -ի առաքման փաստաթուղթերուն մէջ, թէ՞ նախատեսուած վայրը Պէյրութն էր:

  Human Rights Watch   նաեւ կը յայտնէ, որ առկայ փաստերը նաև ցոյց կու տան, որ լիբանանեան իշխանութիւնները, մեղմ ասած, յանցաւոր անփութութիւն ցուցաբերած են։ Անոնք, լիբանանեան օրէնսդրութեան համաձայն ՝ բեռնափոխադրումներ իրականացնելու ընթացքին անփոյթ գտնուած են, վտանգի ենթարկելով բնակչութեան կեանքը։

Աւելի՛ն, պաշտօնական տուեալները ցոյց կու տան, թէ որոշ պետական պաշտօնեաներ լռելեայն կը նախատեսէին, թէ նաւահանգիստին մէջ զետեղուած ամոնիում նիթրաթը մահուան սպառնալիք կրնար դառնալ։ Տեղական օրէնսդրութեան համաձայն, այս արարքը կրնայ դիտաւորեալ կամ ոչ դիտաւորեալ սպանութեան ոճիր համարուիլ :

Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Օրէնքներուն համաձայն ՝ կեանքի վրայ սպառնացող կանխատեսելի վտանգները կասեցնելու, պետութեան կողմէ գործունէութեան բացակայութիւնը կը նկատուի կեանքի իրաւունքի խախտում:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ հանրային աշխատանքներու և փոխադրութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձինք, որոնք կը վերահսկեն նաւահանգիստը, տեղեկացուած են վտանգի մասին, սակայն անոնք դատական իշխանութիւններուն չեն փոխանցած համարժէք տեղեկութիւնը եւ մանրամասն չեն քննած պայթուցիկ նիւթին բնոյթը, որ հակամէտ է բռնկուելու, պայթելու և վտանգ առաջացնելու:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ պաշտօնեաները գիտէին, թէ Ամոնիում նիթրաթը մօտաւորապէս վեց տարիէ ի վեր պահուած էր դիւրավառ կամ պայթուցիկ այլ նիւթերու կողքին ՝ անապահով և պահեստային վատ պայմաններու մէջ ՝ մարդաշատ, առեւտրային և բնակելի վայրերուն մօտ  եւ  արարքը կը հակասէ պահեստաւորման միջազգային օրէնքներուն։

 Յիշեցնենք,  որ   Պէյրութի  պայթումին հետեւանքով Լիբանանի մէջ  զոհուած են 200-է    աւելի  անմեղ  քաղաքացիներ, որոնց   մէջ  ալ   15  հայորդիներ։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2021, 08:10