ԱՀԿի գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյեսուս ԱՀԿի գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյեսուս 

«Քորոնա»ի դէմ պայքարը բարդ փուլ կը մտնէ

ԱՀԿ-ի ՝ 1 Օգոստոսին հրապարակած տուեալներու համաձայն ՝ համաճարակի ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակման յայտնաբերուած դէպքերու թիւը գերազանցած է 200 միլիոնը:
Ունկնդրէ Լուրը

Մարդկութիւնը մտած է «իրական վտանգի ժամանակաշրջան», եւ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի բազմաթիւ նուաճումներ այժմ «կ'ենթարկուին մաշման»: Այս մասին Ժընեւի մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու համար ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյեսուսը։

ԱՀԿ-ի ՝ 1 Օգոստոսին հրապարակած տուեալներու համաձայն ՝ համաճարակի ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակման յայտնաբերուած դէպքերու թիւը գերազանցած է 200 միլիոնը: Ինչպէս ընդգծած է Կեպրէյեսուսը, վարակի տարածման կը խթանեն ընկերային շփումները, առողջապահութեան եւ հասարակական ոլորտի մէջ անհետեւողական միջոցառումները, ինչպէս նաեւ «անհաւասար պատուաստումը»։ Ան յիշեցուցած է, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի աւելի քան 80 տոկոսը «գացած է բարձր եւ միջին եկամուտներով երկիրներ»:

Գլխաւոր տնօրէնը սխալ համարած է ներկայ իրավիճակը, որու պարագային ցած եկամուտ ունեցող պետութիւններուն մէջ առողջապահութեան աշխատողները «պատուաստանիւթ չեն ստանար», մինչդեռ այլ երկիրներու մէջ կը պատուաստուին այն բնակիչները, որոնք լուրջ հիւանդանալու վտանգի չեն ենթարկուիր:

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ֆինանսական միջոցներու պահանջները կը գերազանցեն առկայ միջոցները, ըսած է գլխաւոր տնօրէնը:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2021, 07:42