Հայաստան. Զբօսաշրջութեան թիւի կտրուկ անկում Հայաստան. Զբօսաշրջութեան թիւի կտրուկ անկում 

Հայաստան. Զբօսաշրջութեան թիւի կտրուկ անկում

Զբօսաշրջութեան ոլորտի ճգնաժամը կը շարունակուի նաեւ այս տարուան ընթացքին։ Մասնաւորապէս՝ 2021 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն Հայաստան այցելած է 239 263 զբօսաշրջիկ, այս թիւը նախորդտարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է 22,2 տոկոսով կամ 68327-ով։

2020 թուականին, պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, Հայաստան ժամանած են շուրջ 1,5 մլն-ով կամ 80,2 տոկոսով աւելի քիչ զբօսաշրջիկներ։ 2020 թուականին «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած տնտեսական ճգնաժամը, տեղաշարժի սահմանափակումները եւ պատերազմական գործողութիւնները մեծ հարուած հասցուցած են Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին։

Զբօսաշրջութեան ոլորտի ճգնաժամը կը շարունակուի նաեւ այս տարուան ընթացքին։ Մասնաւորապէս՝ 2021 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն Հայաստան այցելած է 239 263 զբօսաշրջիկ, այս թիւը նախորդտարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է 22,2 տոկոսով կամ 68327-ով։ Սա այն պարագային, երբ անցեալ տարի Մարտ-Մայիս ամիսներուն խիստ քարանթինային իրավիճակ էր Հայաստանի մէջ․ չէին գործեր զբօսաշրջային կառոյցները, օդային փոխադրումները գրեթէ դադարեցուած էին եւ այլն։

Ուշագրաւ է, որ այս տարուան առաջին կիսամեակի ընթացքին կտրուկ նուազած է Ռուսաստանէն ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւը, մասնաւորապէս՝ 2021 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն Հայաստան ժամանած են 93537 ռուս զբօսաշրջիկներ, որոնց թիւը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է 22,8 տոկոսով կամ 27556-ով։

Միաժամանակ, անվճար պատուաստումները եւ մեղմացուած քարանթինային վիճակը նպաստած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւի աճին, մասնաւորապէս՝ 2021 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն Հայաստան ժամանած են 26338 իրանցի զբօսաշրջիկներ, որոնց թիւը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճած է 2,4 անգամ կամ 15413-ով։

Աղբիւրը` «Արեւելք»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2021, 09:34