Ուաշինկթընէն կոչ՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին Ուաշինկթընէն կոչ՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին 

Ուաշինկթընէն կոչ՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին

«Միացեալ Նահանգները կոչ կ'ընէ հնարաւորինս շուտ վերադառնալու բովանդակային բանակցութիւններուն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ՝ հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման հասնելու համար»

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը կոչ ըրած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին պահպանելու հրադադարի վերաբերեալ իրենց պարտաւորութիւնները եւ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ:

«Միացեալ Նահանգները կոչ կ'ընէ հնարաւորինս շուտ վերադառնալու բովանդակային բանակցութիւններուն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ՝ հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման հասնելու համար»,-ըսուած է «Արմէնփրէս»-ի հարցումին ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան տրամադրած պատասխանով: 

Շարունակուող լարուածութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ըստ Ուաշինկթընին, կ'ընդգծէ այն փաստը, որ բոլոր չլուծուած հարցերու համապարփակ կարգաւորումը միայն կրնայ կարգաւորել երկու երկիրներու յարաբերութիւնները եւ հնարաւորութիւն տալ տարածաշրջանի ժողովուրդին իրար հետ խաղաղ ապրելու:

Աղբիւրը `«Արեւելք»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2021, 08:05