Աֆղանիստանի մէջ մարդասիրական տագնապ Աֆղանիստանի մէջ մարդասիրական տագնապ 

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն. Աֆղանիստանի «Խաղաղութեան բանալին հաշտութիւնն է»

Կազմակերպութեան մէջ Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակը նաեւ կոչ ուղղեց` «Աֆղանիստանի մէջ քաղաքական համապարփակ լուծում» գտնելու:

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը` հիմնուելով 57 իսլամական պետութիւններէ բաղկացած կազմակերպութեան ներկայ նստաշրջանի նախագահ Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրին վրայ, արտակարգ ժողով մը գումարեց` քննարկելու համար Աֆղանիստանի զարգացումները:

Կազմակերպութեան մօտ Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակ դոկտ. Սալեհ Սահիպանի զօրակցեցաւ «Աֆղանիստանի մէջ երկխօսութեան ընտրանքին»` վերահաստատելով երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հրաւէրը:

Ան Թալեպան շարժումին եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց անվտանգութիւնը պահպանելու եւ միջազգային ընտանիքը յորդորեց Աֆղանիստանին օժանդակութիւն տրամադրելու:

Կազմակերպութեան մէջ Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակը նաեւ կոչ ուղղեց` «Աֆղանիստանի մէջ քաղաքական համապարփակ լուծում» գտնելու:

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եուսեֆ պըն Ուսէյմի իր կարգին նշեց, որ «խաղաղութեան հաստատման բանալին երկխօսութիւնն է», եւ Աֆղանիստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց «երկխօսութիւնը ամրապնդելու»: Ան նաեւ կոչ ուղղեց` Աֆղանիստանը դարձեալ իբրեւ ահաբեկչութեան ապաստանարան չօգտագործելու եւ աշխատանք տանելու բռնութեան վերջ տալու:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2021, 12:24