Աշխարհը «Քորոնա» ժահրի 3-րդ ալիքի շեմի՞ն Աշխարհը «Քորոնա» ժահրի 3-րդ ալիքի շեմի՞ն 

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնին. Աշխարհը «Քորոնա» ժահրի 3-րդ ալիքի շեմին է

«Տելթա» տիպը վարակումներու ներկայ աճի հիմնական պատճառներէն է, անիկա կ՛օգտուի ընկերային փոխադարձ գործակցութեան եւ մարդոց տեղաշարժի աճէն։
Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակումներու թիւի աճի հիմնական պատճառը «Տելթա» տիպն է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Արտակարգ յանձնախումբի նիստի բացման ընթացքին յայտարարած է կառոյցի ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյեսուսը:

«Տելթա» տիպը վարակումներու ներկայ աճի հիմնական պատճառներէն է, անիկա կ՛օգտուի ընկերային փոխադարձ գործակցութեան եւ մարդոց տեղաշարժի աճէն», նշած է ան:

Կեպրէյեսուսի համաձայն, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակչութեան պատուաստումներու մակարդակի աճը սկսած էր դրական արդիւնքներ տալ, նուազած էր մահերու թիւը: Սակայն ան յայտնած է, որ այժմ կացութիւնը կրկին կը փոխուի, եւ աշխարհը «Քորոնա» ժահրի «երրորդ ալիքի եզրին է»:

«Նախորդ շաբաթ արդէն չորրորդ անընդմէջ շաբաթն էր, որուն ընթացքին աշխարհի վրայ աճած է «Քորոնա» ժահրով վարակումներու թիւը: 10 շաբթուան նուազման ցուցանիշներէն ետք սկսած է աճիլ նաեւ մահերու մակարդակը», յայտնած է Կեպրէյեսուս:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2021, 10:40