Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 

Լաւրով կոչ կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները պաշտպանելու համար «Ձայն բարձրացնելու»

Լաւրովի համաձայն, ԵԱՀԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի հարթակներուն վրայ արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի հետ միասին կը կատարուի յատուկ համախմբում` ուղղուած քրիստոնեաներու աջակցութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Միջազգային ընտանիքը պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկէ Միջին Արեւելքի մէջ եւ Ափրիկէի հիւսիսը քրիստոնեաներու հետապնդումները կանխարգիլելու համար, անհրաժեշտ է նաեւ միջազգային մակարդակով «ձայն բարձրացնելու»` յօգուտ այս խնդիրի լուծման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռուսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցին ունին բազմաթիւ միացեալ նախագիծեր, որոնցմէ առաւել արդիականներէն է Ափրիկէի հիւսիսը եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ուղղուած յստակ քայլերու որդեգրումը: Այսպիսով, Լաւրովի համաձայն, ԵԱՀԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի հարթակներուն վրայ արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի հետ միասին կը կատարուի յատուկ համախմբում` ուղղուած քրիստոնեաներու աջակցութեան:

«Ատոր կը մասնակցին Վատիկանի սուրբ աթոռէն, Հայաստանի, Հունգարիոյ, Պիելոռուսիոյ, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու գործընկեր արտաքին գործոց նախարարները, որոնք վտանգ կը տեսնեն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու հետագայ բնական, հանգիստ եւ անվտանգ կեանքին համար: Անոնցմէ հարիւր հազարաւորներ փախուստ տուած են, երբ այնտեղ «ժողովրդավարութիւն» հաստատած են: Նախ Իրաքի մէջ, ապա Լիպիոյ մէջ, Սուրիոյ մէջ: Յատկապէս քրիստոնեայ բնակչութիւնը կը տառապի սուրիական տագնապէն: Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը քրիստոնէութեան բնօրրաններէն է: Անհրաժեշտ է ձայն բարձրացնել, որպէսզի միջազգային ընտանիքը ո՛չ միայն ուշադրութիւն դարձնէ այս խնդիրին, այլ նաեւ յստակ քայլերու ձեռնարկէ քրիստոնեաներու հետապնդումները կանխարգիլելու համար», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2021, 09:08