Եւրոխորհրդարան Եւրոխորհրդարան 

Եւրոխորհրդարանականները դատապարտած են Հայաստանի տարածքին հանդէպ Ազրպէյճանի յաւակնութիւնները

Մենք կը դատապարտենք Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը իբրեւ Ազրպէյճանի «բուն հող» յիշատակումները

Մենք կը դատապարտենք, մասնաւորապէս, Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու վերջերս ըրած յայտարարութիւնները այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Զանգեզուր»ի մասին, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը իբրեւ Ազրպէյճանի «բուն հող» յիշատակումները։ Նման յայտարարութիւնները չափէն աւելի անպատասխանատու են եւ կը սպառնան տարածաշրջանային անվտանգութեան յետագայ խափանումով։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսուած է Եւրոխորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու գծով պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Գալիւրանտի, Հայաստանի հարցերով Եւրոպական խորհրդարանի մշտական զեկուցող Անտրէյ Գովաչեւի, Ազրպէյճանի հարցերով զեկուցող Ժէլիանա Զովգոյի համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2021, 08:48