Ազրպէյճանցիները կ՛ոչնչացնեն Շուշիի շէնքերը` փորձելով խեղաթիւրել քաղաքին պատմութիւնը
Ռուսական RBK պատկերասփիւռի կայանը հրապարակեց լուսանկար մը, որուն մէջ յստակ կերպով կ՛երեւի, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է նոյեմբերին դաւադրաբար թշնամիին յանձնուած հայոց բերդաքաղաք Շուշին:
Աւելի կանուխ արդէն պարզ դարձած էր, որ թշնամին ոչնչացուցած է Շուշիի Կանաչ ժամ եկեղեցին, իսկ հրթիռակոծուած Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ սկսած են եկեղեցւոյ արտաքինի եւ հայկական նկարագիրի փոփոխութեան աշխատանքները:
Ռուսական պատկերասփիւռի կայանի լուսանկարին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպիսի՛ աւերածութիւններ կը կատարուին ազրպէյճանցիներուն բռնագրաւած Շուշի քաղաքին մէջ. թշնամին գետնին հաւասարեցուցած է եւ կը շարունակէ հաւասարեցնել քաղաքի բազմաբնակարան շէնքերը:
Քաղուած «Ազդակ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ