Միացեալ Նահանգներէն օգնութիւններ Միացեալ Նահանգներէն օգնութիւններ 

Միացեալ Նահանգներ 5 միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն Հայաստանի մէջ երիտասարդներու հետ աշխատանքի համար

Այս գործողութիւնը, ըստ ամերիկեան գործակալութեան, երիտասարդ տղամարդոց եւ կիներու շրջանակին մէջ պիտի խթանէ պատասխանատուութեան զգացումը, որ անհրաժեշտ է «ժողովրդավարական հասարակութեան համար» եւ քաղաքացիներուն կարելիութիւն պիտի տայ աշխուժօրէն մասնակցելու Հայաստանի մէջ «ժողովրդավարական կառոյցներուն աջակցելուն ուղղուած» քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն:
Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (Եու. Էս. Էյտ) պատրաստ է 5 միլիոն տոլար յատկացնելու` Հայաստանի երիտասարդութիւնը «հասարակութեան մէջ ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ գործելաոճի խթանման գործին մէջ» ներգրաւելու համար: Այս մասին կը նշուի դրամաշնորհի նկարագրութեան մէջ:

Ըստ փաստաթուղթին, վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին հայ երիտասարդները աշխուժօրէն կը մասնակցին նաեւ երկրի քաղաքական կեանքին: Այսպէս, նման մասնակցութիւնը յատկապէս վառ արտայայտուած է հանրապետութեան մէջ, այսպէս կոչուած, «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ընթացքին` 2018 թուականին, երբ երկրի վարչապետ դարձաւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Նիկոլ Փաշինեան:

Սակայն ներկայիս, ինչպէս կը նշուի դրամաշնորհի նկարագրութեան մէջ, Հայաստանի բնակիչներու` քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն մասնակցութիւնը հիմնականին մէջ կը ներկայացուի քուէարկելու, կառավարութիւնը հրապարակաւ քննադատելու կամ անոր չհնազանդելու կարելիութեամբ:

Ամերիկացի փորձագէտներու կարծիքով` երկրին մէջ անհրաժեշտութիւն յառաջացած է հասարակութիւնը տեղեկացնել այն հաստատութիւններուն աշխատանքին մասին, որոնց միջոցով կրնայ արտայայտել իր տեսակէտները կամ դժգոհութիւնը:

Այսպիսով, «Եու. Էս. Էյտը», խօսելով իր նոր նախաձեռնութեան մասին, կը նշէ, որ անիկա նպատակ ունի Հայաստանի երիտասարդութիւնը ներգրաւել «հաւաքական գործողութիւններու մէջ, որպէսզի… ազդէ պետական քաղաքականութեան վրայ եւ կառավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկէ»:

Այս գործողութիւնը, ըստ ամերիկեան գործակալութեան, երիտասարդ տղամարդոց եւ կիներու շրջանակին մէջ պիտի խթանէ պատասխանատուութեան զգացումը, որ անհրաժեշտ է «ժողովրդավարական հասարակութեան համար» եւ քաղաքացիներուն կարելիութիւն պիտի տայ աշխուժօրէն մասնակցելու Հայաստանի մէջ «ժողովրդավարական կառոյցներուն աջակցելուն ուղղուած» քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն:

«Եու.Էս.Էյտ»-ը պատրաստ է նախաձեռնութեան ծիրին մէջ աշխատանքներու համար յատկացնելու մինչեւ 5 միլիոն տոլար:

Նախապէս հաղորդուած էր «Եու.Էս.Էյտ»-ի` Հայաստանի մէջ «քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման» ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակելու ծրագիրներուն մասին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2021, 07:49