Հրանդ Տինք Հրանդ Տինք 

Հայաստանի մէջ լոյս տեսած է Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ժողովածուն

Գիրքի թրքերէն տարբերակը կազմած է Եիղիթ Պեները

Երեւանի մէջ, «Անտարես» հրատարակչութիւնը հրատարակած է պոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքի մասին պատմող ժողովածուն՝ «Մեր ներսի հայը (1915-2015)»  խորագիրով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Գիրքի թրքերէն տարբերակը կազմած է Եիղիթ Պեները։ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկդարեայ տարելիցին առիթով կազմուած այս ժողովածուն կ՝ընդգրկէ Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած 35 մտաւորականի գործեր, որոնց հեղինակները ոչ միայն կ՝ընդունին Եղեռնի փաստը, այլեւ կը փորձեն գտնել իրենց «ներսի հայը» ամենատարբեր ժանրերու միջոցով՝ կարճ արձակէն մինչեւ բանաստեղծութիւն, հրապարակախօսութենէն մինչեւ յուշագրութիւն:

Գիրքը իր գաղափարով եւ ընդգրկումով բացառիկ է, կազմուած է յայտնի գրող եւ թարգմանիչ Եիղիթ Պեների նախաձեռնութեամբ եւ հրատարակուած Թուրքիոյ խոշորագոյն հրատարակչութիւններէն մէկուն՝ «Ճան»-ի կողմէ:

Հայերէն հրատարակութեան նախաձեռնող՝ Արմէն (Օհանեան) Հայաստանցի։ Խմբագիրներ` Զաւէն Պոյաճեան, Արմէն Օհանեան։ Թարգմանիչներ՝ Նարինէ Թադեւոսեան, Արփի Աթաբեկեան, Անի Սարուխանեան, Արտակ Շաքարեան, Վարդուհի Պալեան, Տաթեւիկ Սարգսեան, Սաթենիկ Պետրոսեան։ Համաթարգմանիչներ` Գայանէ Այվազեան, Նարեկ Սեֆերեան։

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2021, 08:30