Զախարովա Զախարովա 

Զախարովա. «ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գրասենեակը կրնայ մասնակից դառնալ լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղահանուածներու վերադարձի ապահովման հոլովոյթին»

հանդիպումի ընթացքին կ՛ակնկալուի քննարկել հարցերու լայն շրջանակ, ներառեալ գաղթականներու, ներքին տեղահանուածներու, քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու միջազգային պաշտպանութեան առնչուող հարցեր:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 28 յունիսին հանդիպում պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Զախարովա յայտնած է, որ 28 յունիսին գերագոյն յանձնակատարը արդէն երկրորդ անգամ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի գտնուի Մոսկուա:

Ան յայտնած է, որ հանդիպումի ընթացքին կ՛ակնկալուի քննարկել հարցերու լայն շրջանակ, ներառեալ գաղթականներու, ներքին տեղահանուածներու, քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու միջազգային պաշտպանութեան առնչուող հարցեր:

«Ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի հաւանական մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն մէջ գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու վերադարձի ապահովման հոլովոյթին, միջազգային ընտանիքի ջանքերուն կեդրոնացումը` սուրիացիներու հայրենադարձման նպատակով, Տոնպասէն գաղթականներուն ու ներքին տեղահանուածներուն աջակցութեան տրամադրումը», նշած է Զախարովա:

Ան աւելցուցած է, որ գերագոյն յանձնակատարի Ռուսիա այցելութիւնը պիտի նպաստէ ՄԱԿ-ի գրասենեակին հետ բազմակողմ գործակցութեան ու համագործակցութեան հետագայ զարգացման:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2021, 08:43