Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտըն 

Կ՛աջակցինք Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան Հասնելու Ջանքերուն․ Ուաշինկթըն-Պրիւքսէլ

«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են Հարաւային Կովկասի մէջ աջակցիլ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ջանքերուն

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Վճռական ենք աջակցելու Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերներու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան, կ՛ըսուի Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ գերաստիճանի արդիւնքներու յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուեցաւ Սպիտակ տան կողմէ։

«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են Հարաւային Կովկասի մէջ աջակցիլ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ջանքերուն։ Վճռական ենք աջակցելու Արեւելեան գործընկերներու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան եւ պիտի պաշտպանենք Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Մոլտովայի բարեփոխումներու ուղին։ Մենք վճռական ենք նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան հասնելու առումով», կը նշուի Միացեալ յայտարարութեան 28րդ կէտին մէջ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2021, 10:22