Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Սիւնիք եւ Արցախ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Սիւնիք եւ Արցախ 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Սիւնիք եւ Արցախ

Գորիսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստանի եւ Արցախի անսասանութեան, Սիւնեաց աշխարհի եւ անոր ժողովուրդի անվտանգ, խաղաղ ու բարօր կեանքին համար:
Ունկնդրէ լուրը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, հոգեւորականաց պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, 3 Յունիսին այցելեց Սիւնիքի մարզը, ուրկէ պիտի մեկնի Արցախ:

Աւանդական աղուհացի արարողութենէն ետք, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքը եւ օրհնութիւնը տուաւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւաքուած ժողովուրդին: Ապա ան մեկնեցաւ Գորիսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Գորիսի բնակիչներուն եւ զինուորներուն կողմէ, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստանի եւ Արցախի անսասանութեան, Սիւնեաց աշխարհի եւ անոր ժողովուրդի անվտանգ, խաղաղ ու բարօր կեանքին համար:

Արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր պատգամը յղեց ներկայ ժողովուրդին՝ դիտել տալով, որ այցելութեան նպատակն է մօտէն ծանօթանալ սիւնեցիներուն մտահոգութիւններուն եւ հարցերուն։

«Տարածքային կորուստների պատճառով նաեւ Սիւնեաց աշխարհի բնակավայրեր սահմանամերձ դարձան Ադրբեջանի հետ` դրանից բխող խիստ մտահոգիչ հետեւանքներով: Ադրբեջանը սանձարձակ ոտնձգութիւններ է կատարում նաեւ Հայաստանի սահմանների նկատմամբ, մասնաւորապէս Սիւնիքի, Գեղարքունիքի գիւղական որոշ համայնքների տարածքների հանդէպ։ Սիրելինե՛ր, խռովքի մէջ է ամէնքիս հոգին, խռովքի մէջ է համայն հայութիւնը: Սիւնեաց աշխարհի մեր զաւակներիդ ստեղծագործ ու խաղաղ կեանքի բնականոն ընթացքն է խաթարուած, աւելին` ապահովութեան ու անվտանգութեան լրջագոյն խնդիրն է յառնած: Սակայն մենք գիտենք, որ ձեր ոգին անկոտրում է, ձեր հարազատ հողին կապուածութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու ազգանուիրումը ամուր են ձեր սրտերում ու հոգիներում: Դուք ձեր պապերից ու հայրերից ժառանգել էք քաջութիւն ու կորով` օրհասական հանգամանքներում ձեր հայրենի տունն ու օջախը պաշտպանելու, անսասան լինելու հայրենեաց պաշտպանութեան դիրքերում եւ արիաբար կանգուն մնալու հարազատ հողին: Այս փորձութիւնը եւս, քաջարի սիւնեցիներ, ազգովի կը յաղթահարենք` միայն թէ, մեր հերոս նախնիների ոգեշունչ պատգամի համաձայն, մեր արիութեան ու քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք, ամուր պահենք մեր նուիրումը հայրենիքին ու մեր սրբազան արժէքներին: Հաստատուն մնանք հաւատի մէջ, անկոտրում` նեղութիւնների ու դժուարութիւնների առջեւ: Ամուր պահենք միմեանց հանդէպ քրիստոսապատուէր սէրն ու հզօր միասնութիւնը, որի առջեւ նահանջում են փորձութիւնները եւ զօրանում ու ամրապնդւում է լաւատեսութեան ոգին», ըսաւ կաթողիկոսը՝ աւելցնելով, որ հայոց եկեղեցին եւ եկեղեցականները իրենց աղօթքով ու ծառայութեամբ սիւնեցիներուն կողքին են` Աստծոյ խօսքով զօրացնելու, դժուարութիւններուն ու փորձութիւններուն մէջ Տիրոջ օգնութեան խոստումը փոխանցելու, անոնց խիզախութիւնը ամուր պահելու:

Արարողութենէն ետք հայրապետական պատուիրակութիւնը՝ համայնքապետերուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Գորիսի զինուորական պանթէոնը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան անմար կրակի եւ յիշատակի խաչքարին առջեւ, ապա Արցախեան երկրորդ պատերազմին զոհուած քաջորդիներու շիրիմներուն առջեւ։ Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, հոգեւոր դասը աղօթեց անոնց հոգիներու հանգստութեան համար:

Նոյն օրը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր պատուիրակութեան հետ այցելեց Շուռնուխի սահմանամերձ համայնքը, ուր ժողովուրդին փոխանցեց իր հայրական սէրը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի օրհնութիւնը: Ան բնակիչներուն հետ զրուցեց տիրող անհանգստութիւններուն եւ հարցերուն, կեանքի բնականոն ընթացքի վտանգներուն մասին՝ հաստատելով, որ եկեղեցին պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ բարձրաձայնելու սահմանամերձ համայնքներուն մէջ բնակող մեր ժողովուրդին հարցերը եւ հետամուտ ըլլալու իրաւունքներու պաշտպանութեան. ապա ան յորդորեց նախնեաց օրինակով ամուր եւ աննահանջ մնալ իրենց հաւատքին եւ յոյսին մէջ` կառչած հայրենի հողին, իրենց օճախներուն:

Երեկոյեան Գարեգին Բ. հանդիպում ունեցաւ Սիւնեաց թեմի հոգեւոր դասուն հետ. քննարկուեցան յետ-պատերազմեան շրջանի դժուար իրավիճակը, եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուող քայլերը, իրականացուող ընկերային եւ հոգեխնամ ծրագիրները: Ան թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն ուշադրութիւնը մասնաւորապէս հրաւիրեց զոհուածներուն, անհետ կորսուածներուն եւ գերութեան մէջ գտնուողներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն ու անոնց հոգեւոր խնամքին:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2021, 08:09