Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» երկհատորեակի ներկայացում Երեւանի մէջ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» երկհատորեակի ներկայացում Երեւանի մէջ 

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» երկհատորեակի ներկայացում Երեւանի մէջ

Հանդիսութեան առաջին բաժինով ներկաները ըմբոշխնած են Խաչիկ Տէտէեանի կնոջ` Իրմա Գապագեան-Տէտէեանի կատարումով փունջ մը բանաստեղծութիւններ:

Կազմակերպութեամբ «Զանգակ» հրատարակչատան եւ հեղինակին ներկայութեան, Ուրբաթ, 21 Մայիս 2021-ին, Երեւանի «Զանգակ» գրատան մէջ տեղի ունեցած է շնորհահանդէսը բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» խորագրեալ նորատիպ երկհատորեակին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Հանդիսութեան բացումը կատարած է հայրենի գրականագէտ եւ արուեստաբան փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ նշած է, թէ Խաչիկ Տէտէեան եղած է հաւատարիմ հայ բանաստեղծութեան ակունքներուն, երբեք չէ դաւաճանած հայ տիպ ու տառի սկզբունքներուն, իսկ անոր խօսքը միշտ ալ եղած է հասանելի, դիւրահաղորդ, պարզ ու վճիտ:

Հանդիսութեան առաջին բաժինով ներկաները ըմբոշխնած են Խաչիկ Տէտէեանի կնոջ` Իրմա Գապագեան-Տէտէեանի կատարումով փունջ մը բանաստեղծութիւններ:

Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցած են լիբանանահայ բանաստեղծ Լեւոն Արտազեան,

հայրենի բանաստեղծ Արթուր Անդրանիկեան, «Արեւելք»-ի տնօրէն Սագօ Արեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան եւ ինքը՝ բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեան։

Վերջինս, ներկաներուն դիմելով նշած է, որ իրեն համար ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը հայրենիքը պիտի մնայ բոլոր մղումներէն վեր տեսադաշտ մը եւ, հակառակ անոր որ ինք Սփիւռքի մէջ կը գործէ ու կը ստեղծագործէ, իր հայեացքը միշտ ուղղուած է դէպի Հայաստան:

Քաղուած «Եռագոյն »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2021, 08:04