Անն Լինտէ Անն Լինտէ 

ԵԱՀԿի գործող նախագահը Պաքուին եւ Երեւանին կոչ ուղղեց՝ վերսկսելու Ղարաբաղեան բանակցութիւններուն

Անն Լինտէ ըսաւ, որ հարցերը լուծելու համար ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը լաւագոյն ձեւաչափն է: «Ես բոլորովին կ՛աջակցիմ համանախագահներուն եւ իմ ներկայացուցիչիս ջանքերուն՝ հակամարտութեան լուծման համար», յայտնեց ան:

ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ Պաքուին եւ Երեւանին կոչ ուղղեց՝ վերսկսելու ղարաբաղեան բանակցութիւններուն:

Ունկնդրէ լուրը

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող վերջին լարուածութեան աճը կը վկայէ, որ չլուծուած հարցերը լուրջ մարտահրաւէր կը մնան միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան համար», ըսաւ ան՝ տեսակապով ելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առընթեր Հելսինկեան կոմիտէի հանդիպման ընթացքին, որ նուիրուած է «ԵԱՀԿի՝ Շուէտի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն եւ զարգացումներուն»:

Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է թուլացնել հայ-ատրպէյճանական լարուածութիւնը եւ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան սկսիլ վերականգնելու բանակցութիւնները` քաղաքական կայուն կարգաւորման հասնելու համար, միջազգային օրէնքներուն համապատասխան, որպէսզի լուծուին նաեւ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու հարցերը:

Անն Լինտէ ըսաւ, որ հարցերը լուծելու համար ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը լաւագոյն ձեւաչափն է: «Ես բոլորովին կ՛աջակցիմ համանախագահներուն եւ իմ ներկայացուցիչիս ջանքերուն՝ հակամարտութեան լուծման համար», յայտնեց ան:

ԵԱՀԿի գործող նախագահը նշեց, որ Ռուսիա կրցաւ հասնիլ կրակի դադրեցման: «Ռուսիա աշխոյժ դեր կը խաղայ տարբեր ոլորտներու մէջ, օրինակ` Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ: Փաստ է, որ Ռուսիա կրցաւ հասնիլ զինադադարի։ Կ՛ուզեմ ուշադրութիւնը դարձնել ոչ միայն երկու հազար ռուս զինուորներու տեղակայման, այլ նաեւ անոր, որ ԵԱՀԿը եւ միջազգային հանրութիւնը եւս դերակատարութիւն ունենան», ըսաւ ան՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները կը կարենան յառաջընթացի հասնիլ եւ հանդէս գալ նոր առաջարկներով:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2021, 10:00