Wարդապետ Մաժտի Ալաուի  եւ որդին՝Մաթիոն Wարդապետ Մաժտի Ալաուի եւ որդին՝Մաթիոն 

Լիբանանցի վարդապետ Մաժտի Ալաուիի որդւոյն մահը. խորհրդաւոր պայմաններու տակ

Մաժտի Ալլաուի Շիիթ համայնքի անդամ լիբանանցի մըն է, որ ինքզինք նուիրած է եկեղացական ծառայութեան։

Ընկերային ծառայութիւններու մէջ մեծ նուիրում ունեցող Լիբանանցի վարդապետ Մաժտի Ալաուի որդին՝Մաթիոն մահացած գտնուած է իր բնակարանին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Lebanon-24 կայքէն։

Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ մինչեւ հիմա յայտնի չեն երիտասարդին մահուան իսկական պատճառները եւ նոյն առումով անոր ընտանիքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, հանրութիւնէն խնդրելով լռութիւն պահել  իրենց որդւոյն մահուան  պատճառները քննարկելու վերաբերեալ։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Մաժտի Ալլաուի Շիիթ համայնքի անդամ լիբանանցի մըն է, որ ինքզինք նուիրած է եկեղացական ծառայութեան։ Ան մկրտեալ քրիստոնեայ դարձած է ու ստացած հոգեւորականի կոչում եւ մեծ ճանաչում ունի շնորհիւ ընկերային ոլորտին մէջ իր ծաւալած  աշխոյժ գործունէութեան։

Նշենք նաեւ, որ Ալլաուի, քարոզախօսական նպատակներով այցելութիւն տուած է Հայաստան եւ եղած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիւր- քարոզիչը։

«Քաղուած Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2021, 09:54