Պքէրքէի Մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ  քրիստոնեայ Հոգեւոր պետերու հանդիպում Պքէրքէի Մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ քրիստոնեայ Հոգեւոր պետերու հանդիպում 

Պքէրքէի Մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ քրիստոնեայ Հոգեւոր պետերու հանդիպում

Հանդիպման նպատակն էր խորհրդակցիլ Յուլիս 1-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման շուրջ հասարակաց մօտեցումներ ճշդելու:

Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021-ին, Պքէրքէի Մարոնիթներու Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումը, մասնակցութեամբ մարոնիթ, հայ կաթողիկէ, հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ եւ գաղթէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպման նպատակն էր խորհրդակցիլ Յուլիս 1-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման շուրջ եւ հասարակաց մօտեցումներ ճշդել: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը կը ներկայացնէր Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհի· Հ· Գէորգ Եպս· Ասատուրեան։

Այս ժողովը նախապատրաստութիւնն էր Վատիկանի մէջ կայացուելիք հանդիպումին, որ պիտի ընթանայ աշխարհի խաղաղութեան ընդհանուր խորագրին տակ եւ որուն ընթացքին պիտի մատուցուին հայածէս աղօթքներ։

Պքէրքէի ժողովին լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ շարք մը կէտեր եւ կարեւորութեամբ շեշտադրուեցաւ քաղաքական տարբերութիւններէ վեր մնալու եւ կառավարութիւն մը կազմելու հրամայականը, որպէսզի հանդիպումը կարենայ ժողովուրդի հետզհետէ աճող ընկերա-տնտեսական կարիքներուն գոհացում տալ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2021, 08:49