Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւն Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւն 

21 Մայիսի զինադադարէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլեան օդուժը հարուածեց Կազայի մէջ Համաս շարժումի դիրքերը

Իսրայէլեան յարձակումը 21 մայիսէն` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի հաստատումէն ետք առաջինն է:

Իսրայէլեան օդուժի ռմբաձիգները հարուածած են Կազայի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի զինուորական դիրքերը` հակադարձելով Իսրայէլի տարածքին ուղղութեամբ հրավառ նիւթեր եւ պայթուցիկներ կրող օդապարիկներու արձակման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է իսրայէլեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է որեւէ բեմագրութեան, ներառեալ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը, ի պատասխան Կազայի հատուածէն ահաբեկչական խմբաւորումներու գործողութիւններուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իսրայէլի պետական «Քան» ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ իսրայէլեան յարձակումը 21 մայիսէն` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի հաստատումէն ետք առաջինն է:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2021, 12:45