Արմաշի 605ամեայ հայկական վանքը Արմաշի 605ամեայ հայկական վանքը 

Արմաշի 605ամեայ հայկական վանքը՝ լքուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ

Այժմ, բնակիչները կ՛ուզեն վերականգնել վանական համալիրը եւ զայն վերածել զբօսաշրջութեան կեդրոնի:

երկայ Թուրքիոյ արեւմտեան Իզմիթ (Նիքոմետիա) շրջանին մէջ գտնուող 605ամեայ Արմաշի Չարխափան Սուրբ Աստուածածին հայկական վանքը լքուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ է, կը հաղորդէ ntv.com.tr կայքը։

Ունկնդրէ լուրը

Աղիւսաշէն վանքը, որուն տարածքին վրայ 1889ին կառուցուած էր նաեւ դպրատուն մը, այսօր կիսաւեր է եւ ամբողջութեամբ խոտերով ծածկուած: Բացի այդ, տեղւոյն բնակիչները վանքի ամբողջ տարածքը վերածած են աղբավայրի:

Այժմ, բնակիչները կ՛ուզեն վերականգնել վանական համալիրը եւ զայն վերածել զբօսաշրջութեան կեդրոնի:

Աքմեշէի (Արմաշ) գիւղապետ Ռահիմ Վարոլ կը պատմէ, որ Արմաշի դպրատունը Թուրքիոյ ամէնէն հին դպրատուներէն մէկն է:

Յիշեցնենք, որ Արմաշի Չարխափան Սուրբ Աստուածածին հայկական վանքը հիմնադրուած է 1416ին: Արմաշ գիւղի հիմնադրութենէն առաջ, բնակավայրը եղած է յունաբնակ, ապա հոն հաստատուած են Մարաշէն գաղթած հայեր եւ տեղանունը «Մարաշ»ի տառափոխուած վերաձայնութիւնն է:

Մինչեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան ստեղծումը (1461) վանքը եղած է Արեւելեան Թրակիոյ վանական կեդրոնը: 18րդ դարուն վանքի տարածքին մէջ հիմնուած է մատենադարանի շէնքը. 1804ին Չակր Հասան քանդած է վանքը: 1820ին վանքը վերակառուցուած է եւ 1864ին հիմնուած է անոր տպարանը: Վանքը եղած է նաեւ գրչութեան կեդրոն:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2021, 08:32