Հայաստանի ողջ տարածքով սաստիկ տաք եղանակը կը շարունակուի Հայաստանի ողջ տարածքով սաստիկ տաք եղանակը կը շարունակուի 

Հայաստանի ողջ տարածքով սաստիկ տաք եղանակը կը շարունակուի

27 Յունիսէն 2 Յուլիսը նշուած գօտիներուն մէջ կը սպասուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ:

Արաբական անապատներէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ներթափանցմամբ պայմանաւորուած՝ 27 եւ 28 Յունիսին հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ կը սպասուի խիստ բարձր ջերմաստիճան, Արարատեան դաշտին եւ անոր նախալեռներուն, Վայոց Ձորի նախալեռներուն, Սիւնիքի հովտային գօտիին եւ Երեւանի մէջ ցերեկային ժամերուն կը սպասուի +38 ․․․ +39 աստիճան։

Այս մասին յայտնած են Շրջակայ միջավայրի նախարարութենէն:

27 Յունիսէն 2 Յուլիսը նշուած գօտիներուն մէջ կը սպասուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ:

Անդրմանիշակագոյն ճառագայթման ցուցանիշը կը կանխատեսու չափանիշէն բարձր։ Խորհուրդ կը տրուի ժամը 11։00-էն մինչեւ 17։00-ն ինկած ժամանակահատուածին խուսափիլ արեւի ուղիղ ճառագայթներէն։

Երեւանի մէջ այսօր ցերեկը, 28 Յունիսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: 29-30 Յունիսին, 1-2 Յուլիսի երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ կը սպասուին կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Երեկոյեան ժամերուն՝ քամիի ուժգնացում՝ 15-20մ/վ:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2021, 09:49