Հելկա Մարիա Շմիթ - Արմէն Սարգսեան Հելկա Մարիա Շմիթ - Արմէն Սարգսեան 

ԵԱՀԿը պիտի շարունակէ բարձրացնել բոլոր գերիներու վերադարձի հարցերը

Հելկա Մարիա Շմիթ պատասխանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի` Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու շուտափոյթ վերադարձին վերաբերող նամակին:

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտ պատասխանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի` Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ վերադարձին վերաբերող նամակին:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ ուշադրութեամբ ուսումնասիրած է նախագահ Սարգսեանի նշած խնդիրները, զանոնք ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն:

«Ես կը շարունակեմ հետեւիլ իրավիճակին եւ այս ու յարակից հարցերուն վերաբերեալ կապի մէջ եմ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ: Տեղեակ եմ, որ այս խնդիրները քննարկած էք նաեւ գործող նախագահ Անն Լինտէի հետ, մարտին Երեւան կատարած անոր այցելութեան ընթացքին:

«Մինսքի խմբակի համանախագահները 13 ապրիլ 2021-ին հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձան նաեւ ձեր նամակին մէջ նշուած հարցերուն: Համանախագահները ընդգծեցին, որ յաւելեալ ջանքերու կարիք կայ` տակաւին գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւնները փարատելու եւ երկարատեւ խաղաղութեան նպաստող փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու համար:

«Այդ պարունակին մէջ համանախագահները մատնանշեցին բոլոր ռազմագերիներու եւ կալանաւորուած այլ անձերու վերադարձին առնչուած խնդիրները` համաձայն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթներուն: Անոնք, ինչպէս նաեւ ես ու ԵԱՀԿ-ի միւս պաշտօնեաները, պիտի շարունակենք հետեւիլ եւ բարձրացնել այս հարցը: ԵԱՀԿ-ի հաստատութիւններն ու կառոյցները ԵԱՀԿ-ի բոլոր երեք հարթութիւններուն վրայ ծրագրուած աշխատանքներու միջոցով արդէն իսկ սերտօրէն կը համագործակցին Հայաստանի հետ:

«Յոյս ունիմ` իբրեւ ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղար, իմ պաշտօնավարութեանս ընթացքին զարգացնել եւ աւելի ընդլայնել այս համագործակցութիւնը», կը նշուի Հելկա Մարիա Շմիտի նամակին մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2021, 08:33