Սուրբ Երկիր. 11 օր տեւող բախումներէ ետք զինադադարի դրոյթ հաստատուեցաւ Սուրբ Երկիր. 11 օր տեւող բախումներէ ետք զինադադարի դրոյթ հաստատուեցաւ 

Սուրբ Երկիր. 11 օր տեւող բախումներէ ետք զինադադարի դրոյթ հաստատուեցաւ

Հակամարտութեան 11-րդ օրը Իսրայէլ եւ Համասը յայտարարեցին զինադադար որ մինչեւ օրս խլեց 227 պաղեստինցիներու եւ 12 իսրայէլացիներու կեանքը։

Վատիկան Նիուզ

21 Մայիսի լուսաբացին, Իտալիոյ ժամով առաւօտեան կանուխ մէկէն սկսեալ Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան զինեալ խմբաւորում Համասի միջեւ կայացաւ զինադադարի համաձայնութիւն 11 օր տեւող ծանր եւ ողբերգական հետեւանքներ ունեցող հակամարտութեան մը աւարտին։ Զինադադարի համաձայնութիւնը կարելի եղաւ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու ճնշումներուն եւ Եգիպտոսի ու ՄԱԿ-ի Քաթարի մէջ յ Պատուիրակ Թոմ Վենեզլանտի ջանքերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Համասի ներկայացուցիչ Ոզամա Ֆամտան Լիբանանեան լրատուամիջոցի մը տուած իր հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց թէ այս մէկը Համասի համար յաղթանակ է ու թէ Համասը Հաւաստիացումներ ստացած է Իսրայէլի վարած քաղաքականութեանն վերաբերեալ ՝ Տաճարի լեռան և Արևելեան Երուսաղեմի Շեյխ Ժարրահ շրջանի վերաբերեալ, որտեղ պաղեստինեան տասնեակ ընտանիքներ տնազուրկ պիտի դառնան։ Իսրայէլեան կողմը սակայն այս լուրերը որակած է «անհեթեթ ու կեղծ» խօսելով «առանց պայմաններու հրադադարի մասին»։

ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղար Անթոնի Պլինքըն յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Միջին Արեւելքը ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ երկու կողմերու հետ ու տարածաշրջանի որոշ պատասխանատուներուն նպատակ ունենալով «միասին աշխատիլ կառուցելու համար աւելի լաւ ապագայ մը ըլլայ իսրայէլացիներուն ըլլայ պաղեստինցիներուն համար» նշուած է Ուաշինկթընի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 09:24