Ալ Աքսայի մզկիթը Ալ Աքսայի մզկիթը 

Իսրայէլեան ուժերը ներխուժեցին Աքսայի շրջափակ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 26-27 մայիսին պիտի այցելէ Իսրայէլ եւ Այսրյորդանան:

Տասնեակներով հրեայ բնակեցուածներ երէկ առաւօտեան գործադրեցին իրենց սպառնալիքը եւ ներխուժեցին Աքսայի մզկիթի շրջափակ: Արշալոյսին իսրայէլացի զինուորներ իրենց կարգին ներխուժած էին շրջափակ եւ խոշտանգած էին ու ձերբակալած նամազ կատարելու համար մզկիթ ուղղուող շարք մը պաղեստինցիներ:

Իսրայէլեան ուժերը նաեւ բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ ձերբակալեցին երեք երուսաղէմացիներ` անոնց տուները ներխուժելէ ետք: Ձերբակալուած են Երուսաղէմի մէջ Ֆաթհ շարժումի քարտուղար Շատի Մթաուար երիտասարդներ Ֆատի Մթաուար եւ Անուար Շալապի:

Իսրայէլեան ուժերը նաեւ ձերբակալեցին Աքսայի մզկիթի պահակներէն Ֆատի Ալիան:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «Աքսայի մզկիթին մէջ Իսրայէլեան իշխանութիւններուն կատարած մագլցումը»: Յորդանանի կրօնական կալուածներու նախարարութեան բանբերը յայտարարեց. «Իսրայէլեան ուժերը ձերբակալեցին Աքսայի մզկիթի` նախարարութեան կողմէ նշանակուած պահակներէն հինգը»:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պատրաստ են պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն հետ աշխատելու` պահպանելու համար հանդարտութիւնը եւ լարուածութեան մեղմացման ու խաղաղութեան հաստատման նոր ուղիներ որոնելու համար:

«Պի.Պի.Սի.» իր կարգին նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը յայտնեն, թէ պատրաստ են բոլոր կողմերուն հետ աշխատելու` պահպանելու համար իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հաստատուած զինադադարը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը յանձնառու է Իսրայէլին քաղաքայիններու դէմ անկանոն հրթիռային յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելու միջոցներ տրամադրելուն:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հանդարտ քաղաքական գործելաոճի որդեգրումը նպաստեց Միջին Արեւելքի մէջ բռնութեան աւարտին», ըսաւ ան` նշելով. «Կարեւոր է պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները մասնակից դարձնել իրենց ժողովուրդներու կեանքը անվտանգութեամբ ու արժանապատուութեամբ բարելաւելու ջանքերուն»:

«Պէտք է շտապենք Կազայի մէջ մարդասիրական վտանգաւոր կացութիւնը լուծելու», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Նշենք, որ «Ռոյթըրզ», յղում կատարելով իր աղբիւրին, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 26-27 մայիսին պիտի այցելէ Իսրայէլ եւ Այսրյորդանան:

Լրատու գործակալութեան աղբիւրին տուեալներով` Պլինքըն նաեւ պիտի այցելէ Եգիպտոս, որ իբրեւ միջնորդ հանդէս կու գայ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ, ինչպէս նաեւ Այսրյորդանանի մէջ զինադադար հաստատելու համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2021, 09:35