Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական խորհրդարանը 

Եւրոպական խորհրդարանի աւելի քան 120 անդամներ Ազրպէյճանէն կը պահանջեն Հայաստան վերադարձնել բոլոր գերիները

Եւրոպական խորհրդարանի անդամները իրենց նամակին մէջ յիշեցուցած են, որ Հայաստանը ազատ արձակած է իր մօտ գտնուող բոլոր պատերազմական գերիները` հաւատարիմ մնալով նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան ոգիին:

Եւրոպական խորհրդարանի աւելի քան 120 երեսփոխաններ դիմած են Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայենին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին` կոչ ուղղելով` Ազրպէյճանէն պահանջելու Հայաստան վերադարձնել բոլոր հայ գերիները:

Ունկնդրէ լուրը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նախաձեռնութեան հեղինակներն են Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Հայաստանի հարցով հիմնական զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Ֆրանսուա-Քզավիէ Պելամին եւ Լուքաս Ֆուրլաս:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամները իրենց նամակին մէջ յիշեցուցած են, որ Հայաստանը ազատ արձակած է իր մօտ գտնուող բոլոր պատերազմական գերիները` հաւատարիմ մնալով նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան ոգիին: «Ազրպէյճան ո՛չ միայն կը շարունակէ իր մօտ պահել հայ պատերազմական գերիները, այլ նաեւ կասկած կայ, որ ան նոր անձեր, ներառեալ քաղաքայիններ գերեվարած է զինուորական գործողութիւններու պաշտօնական դադարէն ետք: Դժուար է յստակօրէն նշել պատերազմական գերիներու եւ գերիներու թիւը, որովհետեւ մեծ թիւով անձեր անյայտ կորսուած են, իսկ ազրպէյճանական կողմը պատշաճ կերպով չի համագործակցիր, սակայն խօսքը 72 անձերու մասին է, որոնց գերեվարման փաստը Ազրպէյճանը կ՛ընդունի, ինչպէս նաեւ` այն 112 անձերուն մասին, որոնց վերաբերեալ Ազրպէյճանը որեւէ տեղեկութիւն չի տրամադրեր եւ այն 61 անձերուն մասին, որոնց գերեվարման փաստը, թէեւ Ազրպէյճանը կը հերքէ, սակայն անոնց մասին գոյութիւն ունին հակառակը ապացուցող փաստեր», նշած են երեսփոխանները:

Անոնք յատուկ ընդգծած են, որ ասիկա ո՛չ միայն միջազգային օրէնքի խախտում է, այլ նաեւ կը հակասէ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հաշտեցման շուրջ Ազրպէյճանի պնդումներուն: Երեսփոխանները յայտարարած են, որ ազրպէյճանական կողմին մօտ պահուող հայերը պէտք է առանց որեւէ նախապայմանի ազատ արձակուին:

Անոնք անդրադարձած են նաեւ գերութեան մէջ գտնուող զինուորներու եւ քաղաքայիններու նկատմամբ խոշտանգումներու եւ բռնութիւններու փաստերուն, որոնց անհերքելի ապացոյցները ինքնին ազրպէյճանցիներու կողմէ այդ տեսանիւթերու հրապարակումներն են համացանցի վրայ:

«Եւրոպայի բարեկամ երկիրը` Հայաստանը, արդէն իսկ շատ բարձր գին վճարած է այս տագնապին մէջ եւ կը շարունակէ տառապիլ այս անմարդկային կացութեան մէջ: Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ տակաւին կը սպասեն` իմանալու, թէ արդեօք իրենց երեխաները զոհուա՞ծ են պատերազմի ընթացքին, թէ՞ գերեվարուած են ու հետեւաբար անոնց կեանքը սպառնալիքի տակ է:

«Եւրոպական Միութիւնը այլեւս չի կրնար մինակ ձգել Հայաստանը այս անտանելի կացութեան պայմաններուն մէջ, մենք պէտք է գործենք, որպէսզի բռնութիւնը անգամ մը եւս գերակայ չդառնայ օրէնքին: Մենք հպարտ ենք այն սկզբունքներով, որոնք մեզ կը միաւորեն, եւ այդ արժէքները պէտք է ստիպեն մեզ օգտագործել մեր կշիռն ու բոլոր լծակները` Ազրպէյճանէն պահանջելու յարգել միջազգային օրէնքը: Եթէ Եւրոպան կ՛ուզէ կեանքի կոչել իր յանձնառութիւնները, ապա պէտք է վստահեցնէ, որ իր դրացնութեամբ միջազգային իրաւունքի խախտումները պիտի չդառնան ողբերգական նախադէպ: Հակառակ պարագային, լռութիւնն ու անգործութիւնը պիտի վերածուին պատմական պատասխանատուութեան:

«Իբրեւ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ` ձեզ կը յորդորենք գործել ու պահանջել իրենց երկիր վերադարձնել բոլոր հայ պատերազմական գերիները», կը նշուի նամակի եզրափակիչ հատուածին մէջ:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2021, 11:13