Քոնկոյի մէջ ժայթքած հրաբուխ Քոնկոյի մէջ ժայթքած հրաբուխ 

Քոնկոյի մէջ ժայթքած հրաբուխի պատճառով շուրջ հինգ հազար մարդ փախած է Ռուանտա

Քոնկոյի դեմոկրատական հանրապետութեան նախագահ Ֆելիքս Չիսեքետի անցեալ գիշեր յայտարարած է, որ կ՛ընդհատէ Եւրոպա իր այցելութիւնը եւ շտապ կը վերադառնայ հայրենիք:

Քոնկոյի դեմոկրատական հանրապետութեան արեւելքը գտնուող Կոմա քաղաքի աւելի քան հինգ հազար բնակիչներ Նյիրակոնկօ հրաբուխի հզօր ժայթքումին պատճառով փախուստ տուած են դրացի Ռուանտա: Այս մասին կը հաղորդէ «Աքթիւալիթէ» լրատուական հարթակը:

Ելեկտրոնային պարբերականը կը նշէ, որ մարդիկ փրկուած են հրաբուխի լաւայի հոսքէն: Իշխանութիւնը գործարկած է տարհանման ծրագիրը քաղաքի այն բնակիչներուն, որոնց կը սպառնան լաւայի հոսքերը: Հրաբուխի անմիջական շրջապատին մէջ գտնուող Կոմայի արուարձանները նիւթական մեծ վնասներ կրած են:

Մասնագէտները կը նշեն, որ լաւայի շարժման ուղղութիւնը նման է այն ուղղութեան, որ եղած է 2002 թուականի ժայթքումին ժամանակ, երբ անիկա լեցուած է Կոմայի գրեթէ ամբողջ արեւելեան մասը, ներառեալ օդակայանի էջուղին: Այդ ժամանակ քաղաքին մէջ աւելի քան հարիւր մարդ զոհուած էր: Կոմայի բնակչութեան թիւը 1,5 միլիոն է:

Քոնկոյի դեմոկրատական հանրապետութեան նախագահ Ֆելիքս Չիսեքետի անցեալ գիշեր յայտարարած է, որ կ՛ընդհատէ Եւրոպա իր այցելութիւնը եւ շտապ կը վերադառնայ հայրենիք:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2021, 10:55