Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին 

Նորոգութեան պատրուակով Ատրպէյճանցիները կ՛աղաւաղեն Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին

Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան

Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ «վերանորոգութեան աշխատանքներ»ու անուան տակ, Ատրպէյճան կ՛աղաւաղէ հայկական հոգեւոր մշակութային արժէքներէն մէկը՝ նպատակ ունենալով ոչնչացնել հայկական ներկայութիւնը եւ հետքը:

Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ անդրադառնալով ատրպէյճանցիներուն կողմէ եկեղեցւոյ մէջ տարուող «շինարարական աշխատանքներուն»:

«Ադրբեջանը չի կարող վերականգնել մի ժողովրդի մշակութային արժէք, որի նկատմամբ տարիներ շարունակ պետական մակարդակով համակարգուած ատելութիւն է տարածում: Այսպէս կոչուած «նորոգման աշխատանքների» քօղի տակ ադրբեջանցիները աղաւաղում են հայկական հոգեւոր մշակութային կարեւորագոյն արժէքներից մէկը՝ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին: Բազմաթիւ դէպքերով մենք տեսել ենք, թէ ինչպէս է Ադրբեջանը վերաբերում հայկական մշակութային արժէքներին, եւ արդէն իսկ հասկանալի է, թէ «վերանորոգման աշխատանքների» անուան տակ իրականում ինչ է արւում. նպատակը հայկական ներկայութիւնն ու հետքը ոչնչացնելն է», նշեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

Ան շեշտեց, որ տարիներով Ատրպէյճան վարած է Արցախի մէջ հայկական քրիստոնէական մշակոյթը՝ իբրեւ ալպանական ներկայացնելու կամ այլ ազգերու վերագրելու պետական քաղաքականութիւն, որ բազմաթիւ քննադատութեան արժանացած է պատմաբաններու եւ մշակութաբաններու կողմէ՝ պարզ այն  պատճառով, այդ փորձերը անհիմն են թէ՛ պատմական ժամանակագրութեան, թէ՛ մշակութային- ճարտարապետական առանձնայատկութիւններու տեսանկիւնէն:

«Եթէ Ադրբեջանն իրօք հոգում է մշակութային արժէքների պահպանութեան մասին եւ «վերանորոգում» է այն, ապա մեծ հարց է առաջանում՝ ո՞րն է պատճառը, որ մինչեւ այսօր չի թոյլատրել, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի անկախ փորձագիտական խումբը ժամանի տարածաշրջան: Ադրբեջանի կողմից հայկական մշակոյթի նկատմամբ իրականացուող վանդալիզմի մասին մենք ամէն օր ենք բարձրաձայնում՝ միջազգային համապատասխան կառոյցներին տեղեկացնելով կատարուածի մասին», նշեց Ստեփանեան:

Ան աւելցուց, որ հարցը քննադատութիւններէ կամ կոչերէ անդին չ՛անցնիր, յստակ եւ ճշգրիտ քայլերու անհրաժեշտութիւն կայ: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նկատել տուաւ, որ թողտուութիւնը եւ անպատժելիութիւնը Ատրպէյճանի սանձարձակ պահուածքին հիմնական պատճառներն են:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2021, 07:43