Երեք ռազմագերիներ եւս վերադարձան հայրենիք Երեք ռազմագերիներ եւս վերադարձան հայրենիք 

Երեք ռազմագերիներ եւս վերադարձան հայրենիք

Գերիներու վերադարձին մասին 4 Մայիսի առաւօտուն յայտարարած էին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ նշելով, որ անոնք գերեվարուած են պատերազմի աւարտէն ետք:

Պաքուէն Երեւան հասան 3 հայ ռազմագերիներ՝ Ռոպերթ Վարդանեան, Սամուէլ Շուխեան եւ Սէյրան Թամրազեան, զորս տեղափոխող օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանը: Անոնք ուղղակի տարուեցան հիւանդանոց՝ քննութեան։

Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն հաղորդեցին, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն ջանքերուն իբրեւ արդիւնք եւ միջազգային հանրութեան օրէ օր աւելցող ճնշման պայմաններուն մէջ, Ատրպէյճան վերադարձուց երեք հայ ռազմագերները: «Յոյս ունինք, որ այս գործընթացը կ՛ունենայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը եւ շուտափոյթ աւարտը», յայտնեցին գրասենեակէն։

Գերիներու վերադարձին մասին 4 Մայիսի առաւօտուն յայտարարած էին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ նշելով, որ անոնք գերեվարուած են պատերազմի աւարտէն ետք:

Այսպիսով, Ատրպէյճանէն  Հայաստան վերադարձած գերիներուն թիւը հասաւ 72ի, իսկ Լիբանան ղրկուեցաւ լիբանանահայ կին մը:

Հայկական կողմին տուեալներով` Ատրպէյճանի մէջ տակաւին կան շուրջ 200 հայ ռազմագերիներ ու քաղաքացիներ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2021, 07:30