Երուսաղէմի մէջ. 200 հրեաներ ներողութիւն կը խնդրեն Հայ միաբաններէն
Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած դատապարտելի գրոհէն օրեր անց չափ հրեայ բնակիչներ այցելած են Երուսաղէմի Հայոց Թաղ եւ ներողութիւն խնդրած միաբանութեան անդամներէն։
Այս մասին տեղեկացանք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ ՝ Տ. Կորիւն վրդ. Բաղդասարեանի դիմատետրի էջէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հայր Կորիւնի կատարած գրառումն ամբողջութեամբ։
«Մայիսի 23-ին, Երուսաղէմի Հայկական թաղամաս այցելեցին մօտ 200 հրեաներ՝ տարբեր կազմակերպութիւններից եւ հանդիպեցին օրեր առաջ հրեայ ծայրահեղ կրօնական երիտասարդների կողմից յարձակման ենթարկված Տիրան աբղ. Յակոբեանի եւ Արբակ աբղ. Սարուխանեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքում նրանք ներողութիւն խնդրեցին կատարուած դէպքի համար եւ իրենց աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը յայտնեցին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեանը և հայ համայնքին:
Քննարկուեց նաեւ նման դէպքերի դէմ պայքարելու միջոցներ մշակելու հարցը»։
Քաղուած «Արեւելք» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ