Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգիստ` «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգիստ` «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ 

Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգիստ` «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ

«մի՛ մոռնաք ձեր նահատակները եւ անոնց նուիրական կտակը: «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ սկսած Մարիա Ճէյքըպսընի առաքելութիւնը այսօր կը շարունակուի եւ պէ՛տք է շարունակուի

Երեքշաբթի, 27 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, ուր նաեւ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային միաբան հայրեր:

Ունկնդրէ լուրը

Վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տեսուչ հայր սուրբին, մանուկներուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Ապա, վեհափառին նախագահութեամբ վերոյիշեալ թանգարանի շրջափակին մէջ գտնուող դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընի դամբարանին առջեւ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղկեպսակի զետեղում տեղի ունեցաւ` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոր անձնուէր ծառայութեան` հանդէպ ցեղասպան թուրքին ձեռամբ ցեղասպանուած հայ ժողովուրդին:

Խօսելով իր այցելութեան եւ յատկապէս «Թռչնոց բոյն»-ի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընի մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ «Ապրիլ 24-ի ոգիով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, հեռու լուսարձակներէ ու պաշտօնականութենէ, ուզեցի այցելել «Թռչնոց բոյն» եւ հազարաւոր որբերու անունով յարգանք մատուցել ու աղօթել Մարիա Ճէյքըպսընի հոգիին համար: Մարիա Ճէյքըպսըն ո՛չ միայն խնամատարն ու պաշտպանը եղած է մեր հազարաւոր որբերուն, այլ նաեւ բառին հարազատ հասկացողութեամբ ՄԱՅՐ եղած է անոնց: Ան 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն տեսած ու վկան դարձած է, այլ նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ապրած է զայն: Այս դամբարանը յուշարար մըն է, որ օտար ազգի ծնունդ այս երիտասարդուհին հայերէն սորված է, հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրած է եւ մայրը դարձած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր հազարաւոր որբերուն»:

Եզրափակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը վերաշեշտեց Մամային` Մարիա Ճէյքըպսընի մեզի փոխանցած պատգամը` «մի՛ մոռնաք ձեր նահատակները եւ անոնց նուիրական կտակը: «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ սկսած Մարիա Ճէյքըպսընի առաքելութիւնը այսօր կը շարունակուի եւ պէ՛տք է շարունակուի»:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2021, 08:00