Եւրոխորհրդարան Եւրոխորհրդարան 

ԵԽԽՎի մէջ Հայ գերիներու հարցի քննարկման դէմ քուէարկեցին Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա

Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ հարցը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդգրկուեցաւ օրակարգին վրայ՝ 93 թեր, 21 դէմ, 18 ձեռնպահ քուէներով:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա», «Նիուզ».- 19 Ապրիլին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացիկ հարցերու օրակարգին ընթացքին առաջարկուեցաւ քննարկել պարագան «Հայ ռազմագերիներու, այլ գերիներու եւ տեղահանուածներու», որուն համաձայնութիւն տուած էր ԵԽԽՎի Բիւրօն:

Սակայն ԵԽԽՎի մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Սամատ Սէիտով դէմ հանդէս եկաւ քննարկման եւ պահանջեց քուէարկութիւն կատարել:

Սակայն, քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ հարցը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդգրկուեցաւ օրակարգին վրայ՝ 93 թեր, 21 դէմ, 18 ձեռնպահ քուէներով:

Ըստ ԵԽԽՎի կայքին՝ քննարկման դէմ քուէարկեցին Ատրպէյճանի 6,  Թուրքիոյ 8, Ռուսիոյ 5, Հունգարիոյ 1 եւ  սերպիոյ 1 պատուիրակները:

Ռուսիոյ պատուիրակութեան 7 անդամներ ձեռնպահ քուէարկեցին: Ձեռնպահ ձայներուն մէջ են նաեւ Ուքրանիոյ 2 պատուիրակներ, իսկ մէկը թեր քուէարկեց:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուած անձերուն կարելիութիւն տրուեցաւ հեռաձայնով կապ հաստատելու իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ, հաստատեց Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2021, 09:00