Քահանայապետին նուիրած գործիքները Քահանայապետին նուիրած գործիքները 

Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդին յատուկ աղօթքը «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման համար։

«Հակառակ ծանր պայմաններուն պիտի պայքարինք յանուն կեանքի»
Ունկնդրէ լուրը

Գրեթէ երկու տարի է, որ ամբողջ աշխարհը համավարակի պատճառով յայտնուած է ցաւի ու արտասուքի մէջ: «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման համար օրէ օր բազմաթիւ նոր ծրագրեր կը մշակուին. ըսես մարդկային գործօնը այսօր ամէն բան թողած միայն լծուած է պայքարելու  այս ցաւալի համավարակի վերացման համար: Տարբեր են գաղափարները, թէ ուրկէ ի յայտ եկաւ եւ մինչեւ ուր պէտք է ձգտի երթալ այս կեանքակործան հիւանդութիւնը:

Այսօր աշարհի մէջ «Քորոնա» ժահրի ամէնէն դաժան թիւերը  կ'արձանագրուին նաեւ հայութեան համար կարեւոր դարձած Պրազիլիոյ մէջ: Ցաւով կը նշենք այս թիւերը, որոնք արձանագրուած են բնակչութեան զգալի մասի մօտ, բայց մինչեւ այսօր համավարակի զոհ դարձած է շուրջ 366 հազար մարդ, որոնց մէջ մեծ է նաեւ երիտասարդներու թիւը: Համավարակի դէմ ներկայ պահուն կը պայքարի աւելի քան 12 միլիոն մարդ: Ցաւաբեր հիւանդութեան պատճառով Պրազիլիոյ հայկական համայնքէն մօտ երկու տասնեակ մարդ չէ կրցած յաղթահարել համավարակի ցաւալի հարուածները եւ այն աւարտած է մահով: Երկիրը սահմանափակումներ մտցուցած է շարք մը ոլորտներու մէջ:

Եկեղեցիներու փակ ըլլալու պատճառով Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Նարեկ եպիսկոպոս Պէրպէրեանի գլխաւորութեամբ եւ թեմի հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ  Սան Փաուլոյի հայկական սբ. Գէորգ մայր տաճարի մէջ Տերունական Խաչափայտի մասունքով ջրօրհնեաց կարգ եւ բժշկութեան աղօթք կատարուած է՝ տեղի հայ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ մեզի արդէն բարեկամ դարձած Պրազիլիոյ մէջ ապրող շարք մը ժողովուրդներու համար: «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու կանոնները ամբողջապէս պահպանելով՝ այս գեղեցիկ արարողութիւնը կեանքի կոչուեցաւ: Թեմի հոգեւորականց դասը կազմակերպեց, որ օրհնուած ջուրերը հասնին շատ ու շատ մարդոց:

Թեմի առաջնորդ Նարեկ եպիսկոպոս Պէրպէրեանը Պրազիլիոյ հայ եւ օտար ժողովուրդներուն համացանցի միջոցով չկոտրուելու եւ պայքարելու մեծագոյն ուժ մաղթեց.

«Կ'աղօթենք, որ Ամենակարող բժիշկը՝ Յիսուս Քրիստոսը իր բարձր հովանիին տակ առնէ ու պաշտպանէ բոլորս. չդադրինք եւ հակառակ չշրջուինք մեր Արարիչէն, Ան մշտամնայ մեզի կ'օգնէ եւ կ'առաջնորդէ դէպի պայծառ ու լուսաւոր կեանք»,-ըսուած է հայ համայնքի կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2021, 09:53