Հալէպի Հրեշտակը Հալէպի Հրեշտակը 

Լոյս տեսաւ մանուկներու յատուկ՝ «Հալէպի Հրեշտակը» հատորը

Հատորին հեղինակն է Ֆինիքս հաստատուած դատաւոր Մ․ Քէյ Նանեան, իսկ գծագրութիւնները կատարուած են Հայաստանէն արուեստի ուսանող Մարիամ Դաշտոյեանի կողմէ։

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան նախաձեռնութեամբ՝ լոյս տեսաւ մանուկներու յատուկ՝ «Հալէպի Հրեշտակը» (The Angel of Aleppo) հատորը, որ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք մեծ թիւով հայ որբեր փրկած պատուելիի Յովհաննէս Էսքիճեանի հետաքրքրական պատմութիւնը։

Էսքիճեան, իր կեանքը վտանգելով՝ կրցած էր մեծ թիւով հայ որբեր Տէր Զօրէն ազատել եւ զանոնք Հալէպ տանիլ։

Հատորին հեղինակն է Ֆինիքս հաստատուած դատաւոր Մ․ Քէյ Նանեան, իսկ գծագրութիւնները կատարուած են Հայաստանէն արուեստի ուսանող Մարիամ Դաշտոյեանի կողմէ։

10 տոլար արժող գիրքէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել www.amaa.org կայքը կամ դիմել (201) 265-2607 թիւին։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2021, 08:10