Հայաստան 3-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ռումանիոյ դէմ Հայաստան 3-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ռումանիոյ դէմ 

Հայաստան 3-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ռումանիոյ դէմ

99րդ դասուած Հայաստանի կազմը զտումի այս մրցաշարքին ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն արձանագրած է երեք յաղթանակներ, ապահովելով 9 կէտեր։

Չորեքշաբթի, 31 Մարտին, աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց 37րդ դասուած Ռումանիոյ դէմ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:

Մրցումին առաջին կիսախաղին, երկու կազմերն ալ կօլ նշանակելու առիթներ ունեցան, սակայն չյաջողեցան իրենց նպատակին հասնիլ: Պարագան տարբեր եղաւ 2րդ կիսախաղին, երբ 5 կօլեր նշանակուեցան։ Հայաստան 56րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, հաւաքականին հետ իր անդրանիկ մրցումը կատարող Էդուարդ Սպերցեանի կօլին շնորհիւ, սակայն 62րդ եւ 72րդ վայրկեաններուն երկու կօլեր ստացաւ։ Մրցումին վերջին վայրկեաններուն, Հայաստան կրցաւ պարտութիւնը յաղթանակի վերածել՝ շնորհիւ Վարազդատ Հարոյեանի եւ Տիգրան Բարսեղեանի կօլերուն։

99րդ դասուած Հայաստանի կազմը զտումի այս մրցաշարքին ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն արձանագրած է երեք յաղթանակներ, ապահովելով 9 կէտեր, եւ այս բոլորը հակառակ այն իրողութեան, որ խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով՝ չկրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել մրցումներուն։

Նշենք, որ Չորեքշաբթի օրուան մրցումէն առաջ, երկու կազմերը իրարու դէմ մրցած էին 5 անգամ: Ռումանացիները արձանագրած էին 4 յաղթանակներ, մինչ մէկ մրցում աւարտած էր հաւասարութեամբ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2021, 08:50