Արբանեակային լուսանկար Արբանեակային լուսանկար 

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը ահազանգած է Արցախի մէջ վանքասար հայկական եկեղեցւոյ դէմ հաւանական վտանգի մասին` բացատրութիւն պահանջելով Ազրպէյճանէն

Արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող ծանր սպառազինութիւն եւ եկեղեցւոյ մօտ` ճամբեզրին տեղակայուած շինութեան:

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը (Քոքասըս Հերիթէյճ Ուաչ) կ՛ահազանգէ Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ` Վանքասար կոչուող բլուրի գագաթներէն բարձրագոյնին վրայ գտնուող 7-րդ դարու Վանքասար հայկական եկեղեցւոյ դէմ հաւանական վտանգի մասին: Այս մասին կազմակերպութիւնը տեղեկացուցած է իր թուիթըրեան էջին վրայ:

Ունկնդրէ լուրը

Կը նշուի, որ արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող ծանր սպառազինութիւն եւ եկեղեցւոյ մօտ` ճամբեզրին տեղակայուած շինութեան:

Կազմակերպութիւնը դիմած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն` պահանջելով բացատրել, թէ ի՞նչ նպատակով սպառազինութիւնը եւ շինութիւնը կը գտնուին եկեղեցւոյ մօտ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2021, 11:02