Հայ պատանին երկու դրօշներով Հայ պատանին երկու դրօշներով 

Հայաստանի Իշխանութիւնները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նախագահ Պայտընին։

Նախագահ Սարգսեան համարձակ եւ ոգեւորիչ քայլ կը նկատէ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ կարեւոր է հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ բոլոր անոնց համար, որոնք արդարութիւն կը փնտռեն
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անջատ նամակներով երախտագիտութիւն յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար։

Նախագահ Սարգսեան համարձակ եւ ոգեւորիչ քայլ կը նկատէ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ կարեւոր է հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ բոլոր անոնց համար, որոնք արդարութիւն կը փնտռեն: Ըստ անոր՝ այս քայլը նոր հեռանկարներ կը բանայ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ աշխարհը աւելի լաւ վայր կը դառնայ։

Հայաստանի նախագահը կը նշէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման գործընթացը պիտի նպաստէ ցեղասպանութեան` իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն կանխարգիլման եւ անպատժելիութեան վերացման ամբողջ աշխարհի մէջ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր նամակին մէջ կ՛ընդգծէ, որ ասիկա հզօր քայլ է՝ ճշմարտութեան եւ պատմական արդարութեան ճամբուն վրայ, նաեւ անգնահատելի զօրակցութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն: Ըստ անոր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր է ո՛չ միայն 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն յարգանքի տուրք տալու, այլ նաեւ նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար:

Փաշինեան դիտել կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգային հանրութեան ուղղուած ուղերձ է, որ կը վերահաստատէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ մարդու իրաւունքներու եւ արժէքներու առաջնահերթութիւն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը, որմով յստակ կերպով կը մատնանշուի 20րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդին բաժին հասած զանգուածային ոճրագործութեան սահմանումը` իբրեւ ցեղասպանութիւն:

«Հայոց Ցեղասպանութեան դժուարին օրերին Ամերիկայի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդն անշահախնդիր օգնութիւն են ցուցաբերել եւ մահուան ճիրաններից փրկել բազմաթիւ մարդկային կեանքեր: ԱՄՆ նախագահի ուղերձը շարունակում է ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողքին կանգնելու ամերիկեան այս ուժեղ աւանդոյթները: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը համամարդկային խնդիր է: Այսօր ԱՄՆ իշխանութիւններն աներկբայօրէն վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքների պաշտպանութեանը եւ մարդասիրութեան սկզբունքներին: Այս ուղերձը ծանրակշիռ ներդրում է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ցեղասպանութիւնների կանխարգելման գործում», կը նշուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2021, 08:30