Օգնութիւն Արցախի մէջ Օգնութիւն Արցախի մէջ 

Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը աջակցութիւն հասցուց նահատակ եւ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն

Այս ամսուն սկիզբը, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան ներկայացուցիչները աջակցութիւն հասցուցին Արցախի նորագոյն պատերազմին նահատակուած կամ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն,

Այս ամսուն սկիզբը, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան ներկայացուցիչները աջակցութիւն հասցուցին Արցախի նորագոյն պատերազմին նահատակուած կամ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն, նոյն տեն Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան երախտագիտական զգացումները փոխանցելով անոնց։

Ունկնդրէ լուրը

Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը 100,000 տոլարի հատուցումով մը ընթացք տուած էր ատրպէյճանական նորագոյն բռնարարքներուն հետեւանքով իրենց տուները եւ ապրուստի միջոցները կորսնցուցած Արցախի քաղաքացիներուն եւ ընտանիքներուն աջակցելու արշաւին։

Նուիրուած գումարը գոյացած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամներուն, համակիրներուն եւ բարերար կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք անսացին Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու՝ շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կոչին։

3-9 Ապրիլին, Հայաստան գտնուած Հայ Մշակութային հիմնարկութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Յարութ Մկրտիչեան, Շահան Աղպապեան, Կարօ Էշկիեան, Ճորճ Օհանջանեան եւ Ճոզէֆ Մկրեան՝ այցելեց Պռոշեան, Բերդաշէն, Էջմիածին, Արտաշատ, Հրազդան եւ Երեւան ու անոր մօտակայ շրջանները, 65,000 տոլար յանձնելով ՀՅԴ գումարտակին մաս կազմած՝ նահատակուած կամ վիրաւորուած 55 զինուորներու ընտանիքներուն։

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2021, 07:48