ԵԱՀԿի գործող նախագահին Հայաստան այցելութիւնը յ ԵԱՀԿի գործող նախագահին Հայաստան այցելութիւնը յ 

ԵԱՀԿի գործող նախագահին Հայաստան այցելութիւնը յատկանշուեցաւ գերիներու վերադարձի պահանջով

Իբրեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ՝ Անն Լինտէ Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ կարեւոր նկատեց Մինսքի խումբի համանախագահներուն աշխատանքը եւ իր անձնական ներկայացուցիչին ջանքերը, որոնք միտուած են երկարաժամկէտ կայուն լուծման ու խաղաղութեան հաստատման

ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 16 Մարտին ժամանեց Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին, ինչպէս նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ:

Նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ան անդրադարձաւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին, անոր հետեւանքներուն, ստեղծուած իրավիճակին ու մարտահրաւէրներուն: Այդ պարունակին մէջ քննարկուեցաւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու լայն շրջանակ մը:
Նշելով, որ տարածաշրջանին ներկայի վիճակը ԵԱՀԿի ուշադրութեան առարկայ է՝ իբրեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Անն Լինտէ Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահին անձնական ներկայացուցիչին ջանքերը՝ խաղաղութեան հաստատման եւ երկարաժամկէտ ու կայուն լուծում գտնելու ուղղութեամբ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ մարդասիրական հարցերուն՝ նշելով, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել միջազգային մարդասիրական իրաւունքները` բանտարկուած պահելով հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստան կ՛ակնկալէ միջազգային գործընկերներուն աջակցութիւնը այդ կարեւոր հարցի լուծման մէջ:

Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին Լինտէ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի հետ սերտ համագործակցութիւնը՝ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման մէջ:

Փաշինեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը կարելի է բացառապէս ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ եւ այդ պարունակին մէջ կարեւոր է Մինսքի խմբակի գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը՝ խաղաղ գործընթացի վերսկսման եւ հիմնահարցի համապարփակ կարգաւորման հարցին մէջ: Այս առումով, վարչապետը շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը յստակացնելու եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ Փաշինեանի՝ միայն կառուցողական ջանքերու, համապատասխան միջավայրի ձեւաւորման միջոցով կարելի պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ հաստատել կայունութիւն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն, սակայն Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ շարունակուող յարձակողական եւ ապակառուցողական յայտարարութիւնները որեւէ ձեւով չեն նպաստեր այս նպատակին: Վարչապետը շեշտեց, որ տակաւին անլոյծ կը մնան բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, մարդասիրական հարցերը, արցախահայութեան իրաւունքներու, մշակութային ժառանգութեան ինքնութեան պաշտպանութիւնը եւ այս առումով յատուկ կերպով ան անդրադարձաւ ԵԱՀԿի կարեւոր դերակատարութեան:

Փաշինեան ընդգծեց, որ կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն կը շարունակէ մնալ ռազմագերիներու վերադարձը, եւ հայկական կողմին ակնկալութիւնը այն է, որ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան 8րդ կէտը կատարուի առանց նախապայմաններու, իսկ Ատրպէյճան կը շարունակէ գերութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ յայտնուած քաղաքացիական անձերը: 

Իբրեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ՝ Անն Լինտէ Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ կարեւոր նկատեց Մինսքի խումբի համանախագահներուն աշխատանքը եւ իր անձնական ներկայացուցիչին ջանքերը, որոնք միտուած են երկարաժամկէտ կայուն լուծման ու խաղաղութեան հաստատման: Ըստ անոր՝ ԵԱՀԿը եւ միջազգային հանրութիւնը՝ իբրեւ ամբողջութիւն, կարեւոր դեր ունին անդրադառնալու ներկայիս ստեղծուած անմիջական իրավիճակին եւ կողմերուն օժանդակելու՝ գտնելու հիմնախնդրի կարգաւորման ուղիներ: Նոյն ժամանակ, ԵԱՀԿի գործող նախագահը կարեւոր նկատեց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի յարգումը եւ մարդասիրական հարցերու լուծումը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման:

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւս Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի գործող նախագահին հետ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման վերաբերող հարցեր։ Բաբայեան լուսարձակի տակ առաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն հովանիին տակ բանակցային գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը՝ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ եւ արդար կարգաւորման նպատակով։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարը ԵԱՀԿի գործող նախագահին ներկայացուց նաեւ Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու աջակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը։ Ան հիմնական եւ անյետաձգելի նկատեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիներուն անյապաղ վերադարձը հայրենիք։

Դաւիթ Բաբայեան անընդունելի նկատեց քաղաքական առեւտուրի ծիրին մէջ գերի ինկած անձերուն եւ անոնց հարազատներուն տառապանքին օգտագործումը։ Ան ԵԱՀԿի գործող նախագահին կոչ ուղղեց՝ գործադրելու անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը՝ հասնելու Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքով ստանձնած իր պարտաւորութիւններու անշեղ իրականացման։
Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ միջազգային հանրութիւնը աջակցի Արցախին՝ լուծելու զանազան հարցեր, ինչպէս՝ աջակցութիւն պատերազմին իբրեւ արդիւնք տեղահանուած մարդոց եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքներուն մէջ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 07:55