Սուրիոյ մէջ անչափահասներ Սուրիոյ մէջ անչափահասներ 

Սուրիոյ մէջ աւելի քան երկու միլիոն անչափահասներ զուրկ են կրթական դաստիարակութենէն

10 մարտ 2011ին, Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմի հետեւանքով, միլիոնաւոր անչափահասներու իրվաիճակը ողբալի է ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 15 մարտին, Սուրիոյ մէջ կը նշուի պատերազմներու 10-րդ ամեակը։ 10 մարտ 2011ին, Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմի հետեւանքով, միլիոնաւոր անչափահասներու իրավիճակը ողբալի է , հակառակ, որ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու էջ յաղթահարուած ծայրայեղ խմբաւորումներ ու ընդդիմադիրներ քաշուած են տարածաշրջանի արեւմտեան կողմերը։ 

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի հրապարակած  զեկոյցի համաձայն,  որուն խորագիրն է «թող դադրին պատերազմները մանուկներու վրայ նշուած է թէ Սուրիոյ մէջ աւելի քան երկու միլիոն անչափահասներ զուրկ են կրթական դաստիրակութենէն  ու վտանգուած են դպրոցական զարգացումէն զերծ մնալու։ 

Աւելի քան 80 առ հարիւր,ժողովուրդի մասը  կ՝ապրին աղքատ իրավիճակի մէջ եւ 6,2 միլիոն մանուկները առանց կերակուրի են։ Սուրիոյ մէջ ընկերայիմ քաղաքական իրավիճակը անկումի մէջէ  եւ պատերազմի քաղաքացիական բռնութիւնները կը շարունակուին։ նշուած է զեկոյզի մէջ  ուր աւեցուած է նաեւ որ , 2020 տարուան ընթացքին, անչափահասներու նկատմամբ տեղի ունեցած են աւելի քան 2600 ծանր բռնութիւնները։ Մահացած եւ վիրաւորուած են 1454 մանուկներ։ Տեղի ունեցած են 157 յարձակումներ դպրոցներու վրայ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2021, 12:21