Անչափահասի նկար Անչափահասի նկար 

ԵՈՒՆԻՍԵՖ. Անչափասհներու մեծամասնութիւնը չունի բաւարար քանակութեամբ ջուր բաւարարելու համար իրենց ամենօրեայ կարիքները։

Ջուրի պակասի աճումը կը թիրախաւորէ մանուկներուն առողջապահութիւնը։ Ամէն օր,հինգ տարեկանէն վար աւելի քան 700 մանուկներ՝ կը մահանան ջուրի պակասին հետեւանքով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աշխարհի մէջ հինգ մանուկներու վրայ մէկ մանուկ զուրկ է ջուրէ5 յագեցնելու համար իր առօրեայ կարիքները։ Այս մասին յայտարարեց ՄԱԿի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը,որուն համաձայն, համաշխարհային մակարդակի վրայ, 1,42 միլիառ անձերու  միջեւ , որոնց շարքին 450 միլիոն անչափահասները կ՝ապրին ծայրայեղ ջուրի խոցելիութիւնը։   5 մանուկներու վրայ 1 մանուկ աշխարհի մէջ չունի բաւարար ջուր բաւարարելու համար առօրեայ պահանջները։ 

Ունկնդրէ լուրը

Համաշխարհային գետնի վրայ արեւելեան ափրիկէի մէջ մանուկներու մեծամասնութիւնը կ՝պարին ջուրի պակասէն, անչափահասներու 58 առ հարիւրը։ Արեւելեան Ափրիկէին կը հետեւին միջերկրական Ասիան ապա Միջին արեւելքը։

Ջուրի պակասի աճումը կը դպչի մանուկներուն առողջապահութեան վրայ։ ամէն օր, աւելի քան 700 մանուկներ՝ հինգ տարեկանէն տակ կը մահանան ջուրի պակասի հետեւանքով։ 

Համաշխարհային ջուրի տագնապը պարզապէս նոր հասած տագնապ մը չէ։ նշած է Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն, Հենրիեթթա Ֆորէ աւելցնելով որ անչափահասները ամենէն շատ խոցելիներն են ջուրի պակասէն։ Երբ որ բոցերը կը ցամքին,  մանուկները դպրոց չեն երթար ջուր ամբարելու համար։ Երբ որ ջուրի պակասը կը նուազեցնէ սնունդը, մանուկները կը տառապին վատ սնունդէն եւ աճումի պակասէն։

Մանուկներու պաշտպանութեան հաղորդած լուրին մէջ նշուած է որ ջուրի պահանջը կը շարունակէ աճիլ մինչ, աղբիւրները կը նուազին։ Բնակչութեան թիւին աճումէն անդին, կլիմայի փոփոխութիւնը եւ ծայրայեղ եղանակային իրադարձութիւնները կը նուազեցնեն անվտանգ ջուրը։ Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը ձեռնարկած  է ապահով ջուր բոլորին համար նախաձեռնութիւն մը, երաշխաւորելու համար իւրաքանչիւր մանուկի՝ ջուրի կայուն ծառայութիւններ։

«Անհրաժեշտ է անմիջապէս աճիլ դիմագրաւելու համար ջուրի տագնապը եւ խուսափելու համար վատ կացութենէն, յայտնեց Ֆորէ, աւելցնելով որ իւրաքանչիւր անչափահասի համար կարող ենք ջուրի անվտանգութեան հասնիլ միայն նորարութեան, ներդրումներու եւ համագործակցութեան միջոցաւ եւ ապահովուելով որ ծառայութիւնները կայուն ըլլան կլիմայի փոփոխութենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2021, 10:23