ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը Անն Լինտ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը Անն Լինտ 

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը այսօր պիտի այցելէ Ազրպէյճան. պիտի քննարկուի Արցախի տագնապը

Անն Լինտէն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ այսօր պիտի այցելէ Ազրպէյճան, ուր նախատեսուած են հանդիպումներ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Անն Լինտէն Ազրպէյճանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի հետ: Պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը եւ ԵԱՀԿ-ի շարունակական դերակատարութիւնը տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ: Անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ այն հարցին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ամրապնդել համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի եւ Ազրպէյճանի միջեւ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Անն Լինտէն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Յայտնենք, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը 10 մարտին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնած էր, որ յառաջիկային պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած է 2020-ի տարեվերջին:

Սակայն Լինտէ այս տարուան փետրուարին այցելած էր շրջան. ան եղած էր Վրաստանի մէջ, որմէ ետք այցելած էր Մոլտովա:

Ան տակաւին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի կարգավիճակով Հայաստան եւ Ազրպէյճան չէ այցելած:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2021, 14:08