Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Պքերքէի մէջ. «կը մաղթենք, որ նախագահն ու վարչապետը այսօր յուսախաբ դարձնեն իրենց ձախողութեան վրայ գրաւ դնող կողմերը եւ շրջեն սեղանը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու նշանակուած վարչապետը այսօրուան հանդիպումը դրական արդիւնքով մը աւարտեն եւ կազմեն նոր կառավարութիւն մը`

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց բոլոր մայրերը` Մայրերու օրուան առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Ապա ան խօսեցաւ լիբանանցիներուն մասին` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ աղքատացած է` աւելցնելով, որ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ նուազ քան աղքատ են եւ ենթակայ են սովի: «Կոչ կ՛ուղղեմ Լիբանանի բարեկամ արաբական եւ արեւմտեան երկիրներուն աջակցելու լիբանանցիներուն, որոնք իշխող խաւին զոհերն են: Ժողովուրդին օժանդակութիւնը պէտք չէ պայմանաւորել կառավարութեան եւ հանրապետութեան նախագահութեան ճակատագիրին, ապօրինի զէնքին եւ կամ այլ թղթածրարներու հետ: Ի՞նչ կը շահին Լիբանանի բարեկամները` Լիբանանի կորուստով», հարց տուաւ ան:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու նշանակուած վարչապետը այսօրուան հանդիպումը դրական արդիւնքով մը աւարտեն եւ կազմեն նոր կառավարութիւն մը` յուսախաբ դարձնելով իրենց ձախողութեան վրայ գրաւ դնող կողմերը եւ շրջելով սեղանը` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարող բոլոր արգելքներուն դէմ:

«Կոչ կ՛ուղղեմ կազմելու կառավարութիւն մը` բաղկացած մասնագէտներէ, որոնք անկուսակցական են եւ որոնք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն կատարելու տնտեսական բարեկարգումները», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը 24 ժամուան կարիք ունի, «սակայն եթէ ոմանք կը փափաքին կառավարութեան նոր կազմին վերագրել շրջանային տագնապներուն, մեծ պետութիւններու խաղերուն, նախագահական ընտրապայքարին, վարչակարգի փոփոխութեան եւ իշխանութեան տիրանալու պայքարին  պատասխանատուութիւնը, ապա ժողովուրդին եւ իշխանութեան միջեւ երկփեղկումը աւելի եւս պիտի սրի եւ պիտի վերածուի քաոսի մը, որ ոչ ոք պիտի խնայէ», ընդգծեց Ռայի պատրիարք:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2021, 08:51