ՀՀ Նախագահը ՀՀ Նախագահը  

ՀՀ Նախագահը հանդիպման հրաւիրած է Փաշինեանն ու ընդդիմութեան առաջնորդները

ՀՀ նախագահի աշխատակազմը տեղեկացուցած է, որ կ՝ակնկալէ մինչեւ Մարտ 11, ժամը 18:00 հրաւիրեալներէն արձագանգ ստանալ հանդիպման մասնակցութեան վերաբերեալ:

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպման հրաւիրած է վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարներն ու Հայրենիքի փրկութեան շարժման ղեկավարները։ Հանդիպումը պիտի կայանայ նախագահական նստավայրին մէջ Մարտ 13-ին, ժամը 12։00-ին։ Այս մասին նշուած է նախագահականի տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Երկրին մէջ կը շարունակուի քաղաքական ճգնաժամը, իրավիճակը կը մնայ լարուած, որ կրնայ անկանխատեսելի եւ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ մեր պետութեան եւ պետականութեան համար:

Թէ՛ իշխանութիւնը, թէ՛ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը բազմիցս արտայայտած են իրենց դիրքորոշումները: Սակայն, կը բացակային փոխըմբռնումը եւ միմեանց ընդառաջ երթալու ցանկութիւնը: Աւելին, յաճախակի դարձած են անհանդուրժողականութեան կոչերը:

Ստեղծուած պայմաններուն մէջ իմ միակ նպատակը եղած է եւ կը մնայ երկիրը ցնցումներէ զերծ պահելը եւ կանխելը այնպիսի իրավիճակի ստեղծումը, որ կրնայ յանգեցնել անկանխատեսելի հետեւանքներու»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմը տեղեկացուցած է, որ կ՝ակնկալէ մինչեւ Մարտ 11, ժամը 18:00 հրաւիրեալներէն արձագանգ ստանալ հանդիպման մասնակցութեան վերաբերեալ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2021, 07:40