Հադրութ Հադրութ 

«Հատրութի մէջ հայկական եկեղեցիին մօտ գտնուող գերեզմանատունը ենթարկուած է վանտալիզմի» Միացեալ Նահանգներու Կրօնական Ազատութեան յանձնախումբ։

Կրօնական միջազգային ազատութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբը հանդէս եկած է շարք մը առաջարկներով` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ու Քոնկրեսին: Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանը ներառել նախարարութեան յատուկ հսկողութեան ցուցակին մէջ` կրօնական ազատութիւններու ոտնահարման պատճառով:

Միացեալ Նահանգներու Կրօնական միջազգային ազատութեան յանձնախումբը (ՄՆԿՄԱՅ) հրապարակած է 2020 թուականին Ազրպէյճանի մէջ կրօնի ազատութեան առնչուած իրավիճակին մասին զեկուցումը, որուն մէջ անդրադարձած է երկրին մէջ 2019 թուականի ընթացքին արձանագրուած միտումներուն եւ զարգացումներուն:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, «Ամերիկայի ձայն»-ը կը տեղեկացնէ, որ 2020 թուականի սկիզբը ՄՆԿՄԱՅ-ի առաքելութիւնը այցելած էր Ազրպէյճան` տեղւոյն վրայ կացութեան ծանօթանալու համար: Զեկուցումը ներառած է նաեւ անցեալ տարուան վերջաւորութեան Արցախի շուրջ զինուորական տագնապին առնչուած կէտեր:

Ըստ յանձնախումբին, Ազրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան առնչուած կացութիւնը կը շարունակէ մնալ խնդրայարոյց հակասական օրէնսդրութեան, մասնաւորաբար «Կրօնական ազատութիւններու մասին» 2009 թուականի օրէնքին պատճառով: Իշխանութիւնները հետաքրքրութիւն չեն ցուցաբերեր զայն վերատեսութեան ենթարկելու հարցին նկատմամբ:

Զեկուցումը անդրադարձած է նաեւ բազմաթիւ այլ խնդիրներու` կրօնական համայնքներու գործունէութիւնը սահմանափակող տարրերու եւ պարտադիր արձանագրութեան պահանջին, կրօնական գործիչներու նկատմամբ շարունակուող ճնշումներուն, մասնաւորաբար անոնց բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի շուրջ վերսկսած տագնապի ծիրին մէջ արձանագրուած վերջին խախտումներուն:

Ըստ զեկուցումին, սեպտեմբեր 2020-ին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Արցախի եւ յարակից տարածքներուն շուրջ վերսկսած զինուորական տագնապին ընթացքին Հայաստան Ազրպէյճանը մեղադրեց Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ նպատակային ռմբակոծման յանցանքով: Հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն համաձայն, նշուած է, որ եկեղեցին երկու անգամ ենթարկուած է հրթիռային ուղիղ հարուածներու, որոնք զգալիօրէն վնասած են եկեղեցւոյ տանիքը եւ ներսը: Զեկուցումը կը մէջբերէ «Մարդկային իրաւանց դիտարան»-ի անցեալ տարուան դեկտեմբերի եզրակացութիւնը, ըստ որուն, ատիկա դիտաւորեալ յարձակում էր, որ կ՛որակուի իբրեւ զինուորական յանցագործութիւն: Ատիկա պէտք է հետաքննուի, իսկ մեղաւորները կ՛ենթարկուին քրէական պատասխանատւուութեան, նշուած է յանձնախումբի զեկուցումին մէջ:

Զեկուցումը կ՛ընդգծէ, որ նոյեմբերին ստորագրուած զինադադարի մասին յայտարարութիւնը մտահոգութիւններ յառաջացուցած է Ազրպէյճանին անցած տարածքներուն մէջ տարբեր եկեղեցիներու, վանքերու, տապանաքարերու եւ այլ կրօնական ու մշակութային վայրերու պաշտպանութեան վերաբերեալ: Ըստ զեկուցումին, նախագահ Ալիեւ հաւաստիացումներ տուած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինին, որ այդ տարածքներուն մէջ գտնուող քրիստոնէական վանքերը պիտի պահպանուին, սակայն պատմական որոշ վայրեր, ինչպիսիք են Հատրութի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մօտ գտնուող գերեզմանոցը, ենթարկուած են վանտալիզմի: Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւս նոյեմբերի վերջաւորութեան կոչ ուղղած է պահպանելու այս տարածքներուն մէջ պատմամշակութային կոթողները եւ առաջարկած առաքելութիւն ուղարկել այնտեղ` պատմամշակութային ժառանգութեան կոթողներու գոյքագրում կատարելու համար:

Կրօնական միջազգային ազատութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբը հանդէս եկած է շարք մը առաջարկներով` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ու Քոնկրեսին: Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանը ներառել նախարարութեան յատուկ հսկողութեան ցուցակին մէջ` կրօնական ազատութիւններու ոտնահարման պատճառով, ինչպէս նաեւ համագործակցելու Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ` «Կրօնական ազատութիւններու մասին» 2009 թուականի օրէնքը մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներուն համապատասխանեցնելու համար:

Յանձնախումբը նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կ՛առաջարկէ կատարել հրապարակային լսումներ` Ազրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան իրաւունքի եւ մարդու այլ իրաւունքներու խախտումներու շուրջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2021, 07:54