Ատրպէյճանական դիրք մը Ատրպէյճանական դիրք մը  

Ատրպէյճան ոչնչացուցած է Մեխակաւանի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին

Եկեղեցին Արցախի վրայ ատրպէյճանական վերջին յարձակումին ընթացքին արդէն իսկ ենթարկուած էր սրբապղծման:

25 Մարտին, «Պի.Պի.Սի.» լրատուական ծառայութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցան տեսանիւթեր, որոնց մէջ փաստացի տուեալներով կը ներկայացուի Մեխակաւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնայատակ աւերումը, որ կատարուած էր շրջանին՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք: Նոյն եկեղեցին Արցախի վրայ ատրպէյճանական վերջին յարձակումին ընթացքին արդէն իսկ ենթարկուած էր սրբապղծման:

Ունկնդրէ լուրը

Դէպքին արձագանգեցին եւ զայն դատապարտեցին հայկական զանազան կառոյցներ, որոնց կարգին հիմնականօրէն՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕի ազգային յանձնաժողովը եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղտալեան յայտնեց, որ՝ ի հեճուկս աշխարհին իբրեւ «հանդուրժողականութեան եւ բազմամշակութայնութեան կեդրոն» ներկայանալու ջանքերուն՝ Ատրպէյճան առ այսօր ամրագրած է իր դիրքը՝ իբրեւ քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացման յառաջամարտիկ:

«Խստագոյնս դատապարտելի է Ադրբեջանի կողմից կրօնական ատելութեան հիմքով իրականացուած յանցագործութեան հերթական այս դէպքը։ Միաժամանակ առաւել անհանգստացնող է ադրբեջանական ղեկավար շրջանակների կողմից այս բարբարոսութիւնը հիմնաւորելու փորձերը, ինչը ցոյց է տալիս, որ վանդալիզմի այս հերթական դրսեւորումն ունեցել է միտումնաւոր բնոյթ եւ իր կազմակերպուածութեամբ յիշեցնում է Նախիջեւանի պատմամշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացումը», կը յայտնէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն՝ քրիստոնէական մշակութային արժէքներու պահպանման վերաբերեալ հաւաստիացումներուն սին ըլլալը: «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է օր առաջ միջոցներ ձեռնարկի Ադրբեջանի կողմից նախորդ տարուայ Սեպտեմբերի 27ից սկսուած եւ մինչ օրս շարունակվող յանցագործութիւնների, այդ թւում՝ մշակութային ցեղասպանութեան դադարեցման եւ դատապարտման ուղղութեամբ», յայտնեց Աննա Նաղտալեան։

Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արտակ Ապիտոնեան տեսակապի միջոցով այս մասին զրուցեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէնի գրասենեակի ղեկավար Նիքոլա Քասիանիտեսի հետ։ Ան ընդգծեց Արցախի՝ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու հրատապութիւնը՝ նկատի ունենալով հայկական յուշարձաններու դիտաւորեալ ոչնչացման, անոնց սրբապղծման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման ուղղութեամբ Ատրպէյճանի հետեւողական քայլերը։

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան դիտել տուաւ, որ Մեխակաւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ աւերումը յաւելեալ ապացոյց է, որ Արցախի մէջ հայերուն նկատմամբ գործադրուած է ցեղային զտումներու ու ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն։

«Դեռ պատերազմի ժամանակ էին ադրբեջանական զինուորականները հրապարակել տեսանիւթ, թէ ինչպէս են նրանք ցինիզմով անարգանքի, վանդալիզմի ենթարկում հայկական եկեղեցին։ Հայաստանի մարդու իրաւունքների պաշտպանի աշխատակազմը թարգմանել ու վերլուծել է տեսանիւթը, որը բացայայտ վկայում է կրօնական ատելութեան եւ հայկական եկեղեցին քանդելու մտադրութեան մասին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Արման Թաթոյեան ցցուն նկատեց այն փաստը, որ եկեղեցին աւերուած է ոչ թէ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, այլ անոնց դադրելէն ետք:

«Տեղի ունեցածը Ադրբեջանում հայատեացութեան եւ կրօնական հիմքով ատելութեան քաղաքականութեան հերթական արդիւնքն է, միջազգայնօրէն երաշխաւորուած կրօնական ազատութեան կոպիտ ոտնահարում», շեշտեց Հայաստանի մարդու իրաւուքններու պաշտպանը:

Իր կարգին, Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕի ազգային յանձնաժողովը դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Մեխակաւանի հայկական եկեղեցին հիմնայատակ վերացնելու փաստը։

Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները եւ մասնաւորաբար նախագահ Իլհամ Ալիեւ, անտեսելով միջազգային մարդասիրական ու մշակութապահպան կազմակերպութիւններու, պատմաբաններու, հնագէտներու, պետական այրերու կոչերն ու յորդորները՝ կը շարունակէ կեղծիքի տարածման իրենց քաղաքականութիւնը՝ Արցախի դարաւոր հայկական սրբավայրերը ներկայացնելով իբռեւ «հին ուդիական կրօնական ժառանգութիւն», ինչպէս նաեւ պղծելով եւ աւերելով հայկական եկեղեցիները։

«Ադրբեջանի կողմից գրաւած տարածքներում, որտեղից վտարուել է հայկական բնակչութիւնը, հազարաւոր խաչքարեր, մատուռներ, եկեղեցիներ ու վանքեր, որպէս հայ հոգեւոր ժառանգութեան անձայն վկաներ, որոնք դարեր շարունակ կանգուն են եղել, դեռ սպասում են քրիստոնեայ հայորդիների աղօթքին: Խստօրէն դատապարտելով Ադրբեջանի իշխանութիւնների այս քաղաքականութիւնը՝ վերստին կոչ ենք ուղղում միջազգային հանրութեանը՝ կասեցնելու համաշխարհային ժառանգութեան մաս կազմող Արցախի հոգեւոր-մշակութային յուշարձանների ոչնչացումը», կը նշէ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբը։

Եկեղեցւոյ աւերման վերաբերող «Պի. Պի. Սի.»ի տեսերիզը կարելի է դիտել՝ այցելելով կայքէջը։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2021, 08:14