Դադիվանք Դադիվանք 

Արցախի յուշարձանները պաշտպանելու կոչ՝ Ուղղափառութեան Միջխորհրդարանական Վեհաժողովին

Մենք կոչ կ՝ընենք ՄԱԿ-ին եւ UNESCO-ին` նպաստելու ներկայիս Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան եւ կանխելու անոնց նպատակի փոփոխութիւնը կամ ոչնչացումը: Անտարբերութիւնը կրնայ անդառնալի վնաս հասցնել ամբողջ մարդկութեան պատկանող յուշարձաններուն»:

Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովին անունով, ընդհանուր քարտուղար Մաքսիմոս Խարակոպուլոս հանդէս եկաւ Արցախի մէջ քրիստոնէական յուշարձաններու պաշտպանութեան ուղղուած յայտարարութեամբ:

Այդ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

«Իբրեւ բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ՝ անհրաժեշտ կը համարենք ամէն անգամ մեր կտրուկ անհամաձայնութիւնը յայտնելու քրիոտոնէական կառոյցներուն դէմ առնուած քայլերուն եւ յորդորելու միջազգային կազմակերպութիւնները եւ կառավարութիւնները՝ կանխելու անոր օգտագործումը:

«Կ՛ուզենք յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրել այն իրավիճակին վրայ, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արիւնալի պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք: 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցան հսկայական տարածքներ` հայ ժողովուրդի եւ անոր Առաքելական քրիստոնէական եկեղեցւոյ մշակութային գանձերով, որոնք համաշխարհային քաղաքակրթութեան համար ունին կրօնական, պատմական եւ գեղարուեստական մեծ արժէք:

«Կը կարծենք, որ այդ յուշարձանները անյապաղ պաշտպանութեան կարիք ունին միջազգային հանրութեան եւ միջազգային իրաւասու կազմակերպութիւններու կողմէ:

«Կոչ կ՛ընենք ՄԱԿին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕին` նպաստելու ներկայիս Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան ու կանխելու անոնց առաքելութեան փոփոխութիւնը կամ ոչնչացումը: Անտարբերութիւնը կրնայ անդառնալի վնաս հասցնել ամբողջ մարդկութեան պատկանող յուշարձաններուն»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2021, 06:57