ՀՀ նախագահական պալատը ՀՀ նախագահական պալատը 

Նախագահ Սարգսեանի հրաւիրած հանդիպումը չեղեալ յայտարարուեցաւ։

«Հանրապետութեան նախագահը կը վերահաստատէ իր այն համոզմունքը, որ տարակարծութիւններու կարգաւորման միակ ուղին բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնն են, եւ պէտք է ընել ամէն ինչ` երկիրը զերծ պահելու ցնցումներէն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

«Տրուած ըլլալով, որ 13 մարտին հանրապետութեան նախագահի նստավայրի հանդիպումին հրաւիրուածներէն Իմ քայլը եւ Լուսաւոր Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութիւնները ընդունած են հրաւէրը, Բարգաւաճ Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութիւնը եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հանդիպումին համար առաջարկած են իրենց օրակարգն ու պայմաններ ներկայացուցած, այս պահուն մէկ սեղանի շուրջ հանդիպումի ձեւաչափը կը դառնայ անիրագործելի», այս մասին յայտարարեց հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը:

Ըստ հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին տարածած յայտարարութեան` նախագահ Արմէն Սարգսեան պիտի շարունակէ իր ջանքերը եւ պատրաստ է առանձին հանդիպումներ ունենալու ինչպէս հրաւիրուածներուն, այնպէս ալ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն մէջ չընդգրկուած պատգամաւորներուն եւ արտախորհրդարանական տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Այդ հանդիպումները կարելիութիւն պիտի տան անգամ մը եւս լսելու բոլորին տեսակէտները, աւելի յստակացնելու դիրքորոշումները եւ անոնց հիման վրայ ձեւաւորելու աշխատանքային օրակարգ:

«Հանրապետութեան նախագահը կը վերահաստատէ իր այն համոզմունքը, որ տարակարծութիւններու կարգաւորման միակ ուղին բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնն են, եւ պէտք է ընել ամէն ինչ` երկիրը զերծ պահելու ցնցումներէն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2021, 12:27