Արցախի մէջ ներկայիս կը բնակին 105-110 հազար Արցախցիներ Արցախի մէջ ներկայիս կը բնակին 105-110 հազար Արցախցիներ  

Արցախի մէջ ներկայիս կը բնակին 105-110 հազար Արցախցիներ

Հայաստան գտնուող 35-40 հազար արցախցիներուն մեծամասնութիւնը տեղահանուած անձեր են, իսկ շուրջ 10 հազարը անօթեւաններ չեն, սակայն անոնք իրենց անհատական որոշումով չեն վերադառնար Արցախ

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հաշուարկներուն` Արցախի մէջ ներկայիս կը բնակին 105-110 հազար արցախցիներ, շուրջ 35-40 հազար ուրիշներ տակաւին կը գտնուին Հայաստանի մէջ։ Այս մասին 15 Փետրուարին տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեկլարեան:

Ըստ անոր՝ Հայաստան գտնուող 35-40 հազար արցախցիներուն մեծամասնութիւնը տեղահանուած անձեր են, իսկ շուրջ 10 հազարը անօթեւաններ չեն, սակայն անոնք իրենց անհատական որոշումով չեն վերադառնար Արցախ։

Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին իբրեւ արդիւնք անօթեւան մնացած եւ Արցախի մէջ պետական աջակցութեամբ պետական զանազան կացարաններու մէջ տեղաւորուած անձերուն թիւը շուրջ 10 հազար է:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ընդգծեց, որ պետութեան համար հիմնականը արցախցիներուն վերադարձը խրախուսելն է:

Բեկլարեան դիտել տուաւ, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին իբրեւ արդիւնք արցախցիներուն դիմաց ցցուած են բազմաթիւ հարցեր, որոնք հետեւողական կերպով պիտի լուծուին։

«Հումանիտար (մարդասիրական-Խմբ.) կարիքներից առաջինը բնակարանայինն է, յետոյ սոցիալականը (ընկերայինը-Խմբ.), մանր կենցաղային կարիքներ էլ կան, որոնք որոշ չափով բաւարարուել են, որոշ չափով դեռ առկայ են, ե՛ւ Արցախում, ե՛ւ Հայաստանում: Յաջորդը վերականգնողական բնոյթի կարիքներն են, որոնց մէջ ե՛ւ ֆիզիքական բնոյթի վերականգնումն է, ե՛ւ հոգեբանական վերականգնումը», յայտնեց Բեկլարեան:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2021, 07:26