Հայաստանի մէջ ցոյցեր Հայաստանի մէջ ցոյցեր 

Միջազգային հակազդեցութիւններ Հայաստանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ

«Փութին կողմ արտայայտուեցաւ Հայաստանի մէջ կարգ ու կանոնի եւ հանդարտութեան պահպանման եւ իրավիճակի կարգաւորման՝ օրէնքի ծիրին մէջ: Ռուսիոյ նախագահը բոլոր կողմերուն զսպուածութեան կոչ ըրաւ»,
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 25 Փետրուարին, հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ: Ըստ Քրեմլինի պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ երկու ղեկավարները քննարկած են հայաստանեան իրավիճակը:

«Փութին կողմ արտայայտուեցաւ Հայաստանի մէջ կարգ ու կանոնի եւ հանդարտութեան պահպանման եւ իրավիճակի կարգաւորման՝ օրէնքի ծիրին մէջ: Ռուսիոյ նախագահը բոլոր կողմերուն զսպուածութեան կոչ ըրաւ», կը հաղորդէ Քրեմլինը:

Նաեւ, ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ, նոյն օրը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան, քննարկելով Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին առաքելութիւնը:

Նոյն օրը, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արա Այվազեան եւ Սերկէյ Լաւրով եւս քննարկեցին Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, կը հաղորդէ Մոսկուա:

«Ռուսական կողմը ընդգծեց, որ ստեղծուած իրավիճակը կը համարէ Հայաստանի ներքին գործը եւ կ՛ակնկալէ, որ անիկա կը հանգուցալուծուի խաղաղ ճանապարհով», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կոչ ըրաւ՝ խաղաղ եւ առանց բռնութեան մեղմացնելու Հայաստանի ներքաղաքական լարուածութիւնը՝ աւելցնելով, որ մօտէն կը հետեւի հայաստանեան զարգացումներուն եւ յայտարարութիւններուն:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը եւս յայտարարեց, թէ Պրիւքսէլ ուշադրութեամբ կը հետեւի հայաստանեան զարգացումներուն եւ բոլոր կողմերուն կոչ ըրաւ՝ հանդարտութիւն պահպանելու եւ խուսափելու որեւէ հռետորաբանութենէ կամ գործողութիւններէ, որոնք կրնան աւելիով սրել իրավիճակը: «Քաղաքական տարաձայնութիւնները պէտք է կարգաւորուին խաղաղ եւ խորհրդարանական ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն համապատասխան», յայտարարեց բանբերը՝ աւելցնելով. «Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն՝ զինուած ուժերը պէտք է չէզոքութիւն պահպանեն քաղաքական հարցերուն մէջ եւ մնան քաղաքացիական վերահսկողութեան տակ»:

Վերջապէս, «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Անգարա «վճռականօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձը»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2021, 07:41