Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը  

Ռայի Պատրիարքը Լիբանանցի ղեկավարներուն. «Պետութիւնը ձեր սեփականութիւնը չէ, ո՛չ ալ ժողովուրդը ձեր հօտն է»։

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան քայքայուած ու փլուզուած իրավիճակի մէջ կը գտնուի, եւ անոր հարցը պէտք է քննարկուի ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ գումարուելիք միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ան իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի ղեկավարներուն հաստատեց, որ պետութիւնը անոնց սեփականութիւնը չէ, ո՛չ ալ ժողովուրդը անոնց հօտն է, որուն կրնան մորթել` իրենց շահերու եւ անտարբերութեան սպանդանոցին մէջ:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան քայքայուած ու փլուզուած իրավիճակի մէջ կը գտնուի, եւ անոր հարցը պէտք է քննարկուի ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ գումարուելիք միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին:

«Կառավարութիւն մը կազմելու յոյսերը ի դերեւ ելած են: Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը այլեւս միայն կառավարութեան կազմութեան հարց չէ, այլ` հասած է հայրենիքի ճակատագիրը վտանգի ենթարկելու աստիճանին: Լիբանանցին դարձեալ պիտի իջնէ փողոց եւ հաշիւ պիտի պահանջէ` յեղափոխութեան ընդմէջէն», շեշտեց ան:

Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմի սպանութիւնը` հաստատելով, որ անիկա ուրիշին ազատ կարծիքը սպաննել է, ինչպէս նաեւ նոր ազդակ մը` ապօրինի զէնքի իրականութեան վերջ տալու պահանջը վերահաստատելու:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2021, 08:24